ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադիրները երէկ ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։ Կղզիի բարձունքին առ Աստուած աղօթք վերառաքուեցաւ անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Արարողութեան ընթացքին մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան Կազդուրման կայանի հոգելոյս հիմնադիրները, բարերարները, տնօրէններն ու սպասաւորները, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռի վերջին չորս երջանկայիշատակ գահակալները, որոնց շրջանին համընկնած է Կազդուրման կայանի գործունէութիւնը։ Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ էին նաեւ Կազդուրման կայանի մատակարար մարմնի ատենապետ Սարօ Պենկլեան եւ իր գործակից ընկերները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ թէյասեղան մը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Սարօ Պենկլեան եւ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ արտասանեց ամփոփ գնահատանքի խօսք մը, որուն յաջորդած Տէրունական աղօթքով հաւաքոյթը հասաւ իր աւարտին։