ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գնա­լը կղզիի բար­ձուն­քին վրայ շա­բա­թա­վեր­ջին փչեց Մու­սա լե­րան հո­վը՝ նուի­րա­կան ար­ժէք­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­կան ապ­րում­նե­րու հա­մադ­րու­թեամբ։ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի խրախ­ճան­քը, որ ա­ւան­դու­թեան մը վե­րա­ծուե­լու վրայ է, շա­բա­թա­վեր­ջին հա­մախմ­բեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Եր­կու օ­րե­րու վրայ տա­րա­ծուած ծրագ­րով մը այս խրախ­ճան­քը կեան­քի կո­չուե­ցաւ՝ հեր­թա­կան ան­գամ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նե­լով Մու­սա լե­րան Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղին վրայ։

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան խրախ­ճան­քը սկսաւ հա­մեր­գով մը, ո­րու զու­գա­հեռ ձեռ­նար­կուե­ցաւ ա­ւան­դա­կան հա­րի­սա­յի պատ­րաս­տու­թեան։ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հա­մախմ­բուած էին թէ՛ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղէն փու­թա­ցած հիւ­րեր եւ թէ մեր հա­մայն­քի բազ­մա­թիւ ան­դամ­ներ։ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ զան­գա­կա­տան ներ­քեւ կա­տա­րուե­ցաւ ա­ղօր­հնէք, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան եւ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Թա­պա­շեան։

Ա­ղօրհ­նէ­քէն վերջ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Միհ­րան Ու­լի­կեան, որ մեծ ե­ռանդ ի գործ կը դնէ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի վե­րել­քին հա­մար։ Ան զօ­րակ­ցու­թեան կոչ ուղ­ղեց բո­լո­րին՝ որ­պէս­զի Թուր­քիոյ այս վեր­ջին հայ­կա­կան գիւ­ղը կա­րե­նայ գո­յա­տե­ւել ինք­նա­բաւ ձե­ւով։

Այս ե­լոյ­թէն վերջ սկսաւ «Ո­մանք» խում­բին հա­մեր­գը, ո­րու ըն­թաց­քին մե­ներգ­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Լա­րա Նա­րին։ Այս հանգրուա­նին հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն միա­ցաւ նաեւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ճեմ Չա­փար եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Հա­մեր­գին մթնո­լոր­տը տօ­նախմ­բու­թեան մը վե­րա­ծուե­ցաւ ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րով, մինչ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս գիւ­ղի ար­տադ­րան­քին հա­մար յատ­կա­ցուած էր տա­ղա­ւար մը։

Մին­չեւ գի­շե­րուան ուշ ժա­մե­րը շա­րու­նա­կուե­ցաւ այս խրախ­ճան­քը։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Թա­պա­շեան։ Ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ա­ւե­լի ուշ հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն միա­ցաւ նաեւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ, Սա­յաթ Սրկ. Չը­նա­րեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ներ­սէ­սեան Դպրաց Դա­սու ան­դամ­նե­րուն կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ար­թուն Թէ­քի­րօղ­լուի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Սի­րուն Սի­րու­նեա­նի։ Օ­րուան պատ­գա­մին մէջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձաւ թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցած կա­րե­ւո­րու­թեան եւ ի­մաս­տին՝ որ­պէս եր­բեմ­նի հա­յաբ­նակ ա­րեւմ­տա­հայ գա­ւառ­նե­րու մե­րօ­րեայ խորհր­դան­շա­կան ներ­կա­յու­թիւն։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի ո­գե­կո­չուե­ցան նաեւ ան­դարձ բաժ­նուած վա­քըֆ­լը­գիւղ­ցի­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, պար­տէ­զին մէջ կա­տա­րուե­ցաւ հա­րի­սա­նե­րու օրհ­նու­թեան կարգ եւ սպի­տակ ա­ղաւ­նի­ներ ար­ձա­կուե­ցան ի նշան խա­ղա­ղու­թեան։ Պատ­րաս­տուած հա­րի­սան բաժ­նուե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դին եւ այս հանգ­րուա­նը բնո­րո­շեց Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի այս խան­դա­վառ խրախ­ճան­քին եզ­րա­փա­կու­մը։

Ծա­նօթ է, որ ներ­կայ շրջա­նին Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի մէջ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ գտնուած բլու­րի լան­ջին ձեռ­նար­կուած է հա­մա­լի­րի մը շի­նա­րա­րու­թեան, որ էա­կան նա­խադ­րեալ մը կը հա­մա­րուի ա­պա­գա­յին գիւ­ղը ինք­նա­բաւ դարձ­նե­լու եւ կեն­սու­նակ պա­հե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015