ՀՐԱՒԷՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, համայնքային վարժարաններու շէնքերուն երկրաշարժի տոկունութեան մասին խորհրդակցելու օրակարգով, 1 սեպտեմբեր 2020, երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ «Պէզճեան» սրահին մէջ, ժողովի կը հրաւիրէ.

1.- ERVAB-ի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Պետրոս Շիրինօղլուն

2.- Վարժարան ունեցող համայնքային եւ թաղային մարմիններու ատենապետները

3.- Վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչները եւ տնօրէնները

4.- Կը հրաւիրուին նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վարժարաններու վարչութեանց ատենապետները, հիմնադրի ներկայացուցիչները եւ տնօրէնները։

Սոյն խորհրդակցութեան կը մասնակցին «Հայճար»ի մասնագէտները, որոնք իրենց կատարած քննարկումներու մասին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցեն։

Հանդիպումը բաց է մամլոյ ներկայացուցիչներուն։

Նկատի ունենալով, որ կատարուած քննարկումներու արդիւնքին մասին Պատրիարքարանի մէջ պահուած թղթածրարի գոյութեան զրոյցներ կը շրջին, Նորին Ամենապատուութիւնը սոյն հրաւէրը ուղղած է յանուն թափանցիկ ըլլալու կարեւորութեան եւ որպէսզի այս առումով համայնքային շրջանակներէ ներս շփոթ կացութիւն չստեղծուի։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2020