ՆՈՐ ՏԵՍՈՒՉԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նոր տնօրինութիւն մը ըրաւ՝ գաւառաբնակ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու դիմագրաւման համար։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գաւառներու տեսուչ նշանակեց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս մասին հրապարակաւ տեղեկացուց նաեւ շաբաթավերջին Մալաթիոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութիւններուն ընթացքին։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի մատուցած ծառայութիւններուն մասին եւ ընդգծեց, որ այդ սպասարկութիւնը սահմանափակուած չի մնար միայն Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիով, որու հոգեւոր հովիւն է տէր հայրը, այլեւ կը տարածուի գաւառաբնակ մեր ամբողջ ժողովուրդին վրայ։ Այս նոր նշանակումով Նորին Ամենապատուութիւնը կ՚ակնկալէ, որ տէր հայրը կամուրջ մը դառնայ Պատրիարքական Աթոռին եւ գաւառաբնակ մեր հաւատացեալներուն միջեւ։

Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան ծնած է Իսքէնտէրունի մէջ։ Ան ձեռնասունն է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուած է 2011-ին։ Քահանայական օծում ստանալէ վերջ դարձած է հոգեւոր հովիւը՝ Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն։ Տէր հօր ծառայութեան միշտ աջակցած է նաեւ երէցկին Հայկան Թապաշեան։ Ներկայիս իրենց սպասարկած եկեղեցիները դարձած են շատ աւելի կազմակերպուած։ Բացի այս երկու եկեղեցիներէն, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան արդէն հովուական այցելութիւններ կու տայ Անատոլուի զանազան շրջանները, ուր կը գտնուին մեր հաւատացեալները։ Այդ ծառայութիւններուն ընթացքին իրեն կ՚ուղեկցի նաեւ հարազատ եղբայրը՝ ուրարակիր Եուսուֆ Թապաշեան։ Հակառակ Պոլիսէն հեռու գտնուելու հանգամանքին, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան սերտ կապ կը պահէ Պատրիարքարանի հետ։

Կը շնորհաւորենք տէր հօր նշանակումը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021