ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՂԱԶԱՐՈՍ ՈՒՆԱՆԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Գնալը կղզիի մէջ Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հոգելոյս Ղազարոս Ունանի յիշատակին ձօնուած վոլէյպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ղազարոս Ունան ակումբի նախկին պատուոյ նախագահներէն էր եւ իր մահէն վերջ շիշլիցիները գնահատելի մտայղացում մը ունեցան՝ զինքը ոգեկոչելու համար այս մրցաշարքը կազմակերպելու։ Այս տարի արդէն սոյն մրցաշարքը երկրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ մէկ կողմէ արծարծուած պահելով հոգելոյս Ղազարոս Ունանի յիշատակին նկատմամբ յարգանքը, իսկ միւս կողմէ խանդավառ մրցապայքարի մը առիթը հանդիսանալով։ Մրցաշարքի եզրափակիչ փուլին դափնեկիրները ստացան իրենց բաժակներն ու մետայլները։ «Անտոս» խումբը նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2022