ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու վերջինը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս հրապուրեց հանդիսատեսները։ Երեկոյթին ներկայ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, գաւառի մեր եկեղեցիներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, «Մենք երգ ենք» ծրագրի կազմակերպիչներէն Սեւան Աթաօղլու եւ երաժշտական խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեան։
Հանդիսութեան սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սեւան Աթաօղլու, որ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ երաժշտական ծրագրի ամրան գործունէութեանց մասին։ Երեկոյթին հանդիսավարն էր Տաթեւիկ Տաղլեան, որ ներկայացուց դաշնակահար Շանթ Էսմէրն ու ջութակահար Սարին Նեւրուզը։ Հարկ է նշել, որ երկու երիտասարդներն ալ յաճախած էին Միմար Սինան համալսարանը։ Ապա երիտասարդներ զուգերգով հանդէս եկան հայերէն եւ արեւելեան արդի երաժշտութենէ նմոյշներով։ Անոնք արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն։
Հուսկ, յայտագրի մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ խմբերգով ու բարեմաղթութիւններով։