ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ
Երէկ, 30 Օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելութեան ընթացքին ձեռնուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի, Ա. զօրաբանակի հրամանատար զօրավար Ալի Սիվրիի եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի հետ։ Ան օրուան տօնին առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց յանուն Պատրիարքական Աթոռին եւ թրքահայ համայնքին։
Երեկոյեան ալ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու իր փոխանորդը մասնակցեցան Իսթանպուլի հնէաբանական թանգարանի պարտէզին մէջ՝ կուսակալ Կիւլի եւ կողակցին՝ Կիւլտէն Կիւլի հիւրընկալմամբ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։