ՅԱՐԱՏԵՒ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրը, որուն կ՚ընկերանային կազմի փորձառու անդամներէն Ազնիւ Մեծատուրեանը, Գարէն Թէրզեանը եւ Նուրհան Փալաքօղլուն։ Այս կիրակի նախատեսուած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Սիրոյ սեղանին ընդառաջ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը դարձեալ զօրակոչի ենթարկուած է։ Թաղային խորհուրդը շարժման անցած է, որպէսզի կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւնները առիթ դառնան, որպէսզի այս տարի եւս Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռուի։

Այս առաւօտեան հաճելի զրոյցի ընթացքին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ տարեմուտի երկրաշարժէն վերջ իրենք արմատական քայլ մը առնելով՝ կարճ ժամանակի ընթացքին կեանքի կոչած են դպրոցի շէնքի ամրացման ծրագիրը։ Այս նախաձեռնութիւնը երաշխաւորած է վարժարանի շէնքին անվտանգութիւնը։ Թաղային խորհուրդը չէ վարանած այս ծախսատար նախագիծը իրականացնելու, որովհետեւ այլընտրանքը պիտի ըլլար որոշ շրջան մը ընդհատել դպրոցի կրթական գործունէութիւնը։ Սա լուրջ հարց մը պիտի դառնար դպրոցին տեսակէտէ, որովհետեւ արդէն ընդհանրապէս աշակերտութեան թիւը նուազման հակում կ՚արձանագրէ։

Ատենապետ Մանուկ Էօղէր ընդգծեց, որ ամբողջ Շիշլիի շրջակայքի հայկական կրթօճախներու շարքին Ֆէրիգիւղի վարժարանը միակն է, որ նուիրատուութիւններու անհրաժեշտութիւն կը զգայ գոյութիւնը տեւականացնելու համար։ Այս բարդ վիճակով հանդերձ, շէնքի ամրացման աշխատանքներուն համար թաղային խորհուրդը երեք միլիոն լիրա ծախսած է։ Այսպէսով պիւտճէի բացը հասած է շուրջ 13.5 միլիոն լիրայի սահմանին։ Մանուկ Էօղէր դիտել տուաւ, որ թաղային խորհուրդը որդեգրած է այն սկզբունքը, թէ համայնքային կեանքէն ներս միջոցներն ու նպատակները պէտք չէ շփոթուին։ Արդարեւ, համայնքի հաւաքական հարստութեան արժեւորման նպատակները բոլորին պարզ են եւ իրենք ալ միշտ կը թիրախաւորեն այդ նպատակները՝ թէ՛ իրենց միջոցները ծախսելու եւ թէ պիւտճէ կազմելու ժամանակ։

Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը՝ որպէս Իսթանպուլի ամենահայահոծ թաղամասի ղեկավարութիւն, կը դիտարկէ, որ այսօր թէեւ մեր վարժարանները 2800 աշակերտ կը յաճախէ, սակայն, առնուազն այդքան ալ աշակերտ ուսում կը ստանայ ոչ-համայնքային վարժարաններու մէջ։ «Մեր թաղային խորհուրդը ցաւ կ՚ապրի, որ համայնքային վարժարաններու ձգողականութիւնը բաւարար չ՚ըլլար զանոնք ալ հայ դպրոց բերելու համար, սակայն, ընելու բան չկայ, որովհետեւ մենք միայն հազիւ վերապրող հաստատութիւններու վերածուած ենք», նշեց Մանուկ Էօղէր։ Համայնքային առկայ փակուղիին մէջ, պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու ցանցի որեւէ տարրը գոհ չէ իր վիճակէն եւ ընդհանուր արդիւնքէն։

Թաղականները յայտնեցին, որ այսպիսի մռայլ համայնապատկերի մը վրայ կը ջանան կայուն պահել Մէրամէթճեան վարժարանի երթը եւ այս պայքարը չեն կրնար ի կատար ածել, եթէ չըլլայ համայնքին զօրակցութիւնը, բարերարներուն աջակցութիւնը։

Հուսկ, Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ կը ջանան լաւատեսութիւն պահել տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ եւ լիայոյս են, որ այս տարի ալ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը պիտի յաջողի համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան առարկայ դառնալ եւ տարի մը եւս Մէրամէթճեան վարժարանը պահել իր առաքելութեան ճամբուն վրայ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2023