ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՄԱՆՈՐ. ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Իւրաքանչիւր տարին կը սպասենք նոր սպասումներով, յոյսերով, երազներով։ Այնուամենայնիւ, յաճախ հիասթափութեան պատճառ կը դառնան մեր ակնկալիքները՝ այլ մարդոցմէ կամ ընդհանրապէս կեանքէն։ Մեզմէ ո՞վ ծանօթ չէ այն բեմագրութեան, թէ անբուժելի մելամաղձոտութեան մէջ մեր բոլոր յոյսերը բեռնենք ակնկալիքի մը վրայ եւ հաւատանք, որ այդ մէկը իրականութիւն դառնայ եւ այս անգամ մեզ երջանկացնէ։ Այս բեմագրութեան հաւատացողներէն քանի՞ն եղած է «այս անգամ» երջանիկ, անոնցմէ քանի՞ն «այս անգամ» ուրախութենէն բղաւած է այնպէս՝ ինչպէս կարծէք գտած ըլլայ յաւերժական երջանկութեան գաղտնիքը։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հարցնենք, թէ այսօր ի՞նչ սպասումներ ունինք Նոր տարիէն, կեանքէն։ Ինչպէ՞ս կը պատասխանէք այս հարցման։ Խաղաղութի՞ւն, սէ՞ր, առողջութի՞ւն, հարստութի՞ւն, երջանկութի՞ւն…
Երբ մուտք կը գործենք նոր տարի մը, նոր շրջան մը, զանոնք կը դիմաւորենք յոյսերով, ակնկալիքներով, ոգեւորութեամբ կամ բարեմաղթանքներ փոխանակելով իրարու։ Թերեւս առաջին հերթին այս բոլորը կու գան մեր մտքին:
Շատ փոքր տարիքէ մինչեւ հասունութիւն, հասուն տարիքէ մինչեւ ծերութիւն՝ միշտ սպասում մը կ՚ունենանք կեանքէն։ Մեր ակնկալիքները կրնան փոխուիլ եւ ձեւաւորուիլ՝ ըստ ժամանակի կամ իրավիճակի, բայց, չեն դադրիր գոյութիւն ունենալէ։
«Եթէ իմ մտադրութիւնը տեղի չունենայ, սա կա՛մ իմ իրաւունքը չէ, կամ լաւ չէ ինձ համար», ըսած է պարսիկ բանաստեղծ Շեմս-ի Թեպրիզի: Արդեօք պէտք է յանձնուի՞լ ճակատագրին…
Չեմ կարծեր, թէ ակնկալիքներ ունենալը վատ է կամ չեմ թերագնահատեր այդ սպասումները՝ քանի անոնցմէ իւրաքանչիւրը կեանքի պայքարին մէջ կ՚ամրացնէ մեր կամքն ու ուժը։ Բայց, երբ ցանկութիւնները աւելի յստակ ըլլան, մեր պատկերացուցածի եւ կարիքներու բազմազանութիւնն ու բարդութիւնը զարմանալի կը թուին՝ մինչդեռ բոլորիս ապրելու հիմնական կարիքները, իրականութեան մէջ, պարզ են ու շատ կը նմանին իրարու։
Թէեւ որոշ սահմաններով յարաբերութիւններ կ՚ունենանք այլ մարդոց հետ, բոլորիս ակնկալիքները տարբեր են, բայց՝ ունին հասարակաց կէտեր. ինչպէս՝ ուշադրութեան արժանանալ, արժէքաւոր զգալ, յաջող ըլլալ, գնահատուիլ եւ շատ աւելին...
Եթէ ընդհանուր առմամբ նայինք հասարակութիւններուն, ապա մարդոց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ չի գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք է սպասէ: Մարդիկ նաեւ չեն գիտեր, թէ արդեօք ակնկալիքներ ունի՞ն, չեն գիտեր նաեւ, թէ ինչո՞ւ այսքան տարի ապրած են։
Վերջերս կարդացի յօդուած մը, որ կը վերաբերէր ակնկալիքները զերոյի իջեցնելու: Հեղինակը կը խօսէր այն մասին, թէ սպասումներ ունենալը ինչպէ՛ս պատճառ կը դառնայ հիասթափութեան։ Ան գրած է, որ եթէ ոեւէ մէկէն ոչինչ սպասուի, ապա մարդիկ աւելի քիչ կը նեղանան ու իրենց կեանքը ակնկալիքներով չեն կառուցեր։ Ի հարկէ, կայ նաեւ հակառակ կարծիքը, թէ կեանքը աւելի լաւ է մեր հարազատներէն ու սիրելիներէն ակնկալելով եւ տակաւին յոյս կայ։
Երբ ակնկալենք հարազատի մը լաւութիւնը, կը մտնենք սպասման անորոշ շրջանի մը մէջ: Աւելի վերջ, երբ իրադարձութիւնները մեր ակնկալածին համապատասխան չընթանան, կը յուսալքուինք, կը քանդուինք տոմինոյի պէս։ Մի գուցէ, երբ ակնկալիք չունենանք, այդքան ուժեղ չե՞նք իյնար։ Հապա, որեւէ բան չսպասե՞նք։ Այդ ժամանակ չե՞նք հիասթափուիր, այդ ժամանակ չե՞նք զարմանար…
Երբեմն կը մտածեմ, թէ ի՞նչ ապրած եմ, ի՞նչ պիտի ապրիմ։ Ես կը բարկանամ ինքնըստինքեան եւ կ՚ըսեմ, որ այսքան շատ պէտք չէ մտածեմ։ Ամէն պահ, ամէն վայրկեան կը յայտնուիմ երկսայրի ընտրութեան առջեւ։ Աւելի վերջ կը հարցնեմ ես ինծի. ո՞ւր մնացած էի։ Որովհետեւ, երբ կայ ակնկալութիւն մը, ապա միշտ կայ զարմանքի զգացում։ Հետաքրքրական է՝ կը հասնի՞մ յաջողութեան, կը զարմանա՞մ, թէ կը տխրիմ, արդեօք կ՚ըլլայ աւելի լաւը…
Կեանքը առանց ակնկալիքներու պատկերացնել հնարաւոր չէ։ Նոյնիսկ վաղուայ մասին մտածելը ակնկալիք մըն է։ Նախկին ձախողումներու համար ակնկալութիւն չունենալը պարզապէս կը նշանակէ յանձնուիլ, իսկ սպասումները դադրեցնելը՝ հրաժարիլ երազելէ:
Մի գուցէ հիասթափուած ենք, որ անցեալ տարուան մեր ակնկալիքները չարդարացան, բայց, մարդ արարածը միշտ կը սիրէ յոյս ունենալ։ Նոր տարին, իրականութեան մէջ, բոլորիս համար կը նշանակէ նոր նպատակներ, նոր երազանքներ եւ նոր ակնկալիքներ։ Յոյսը կը նշանակէ ակնկալութիւններու իրականացման համար նոր ուղիներ փնտռել եւ չյանձնուիլ ձախողումներու: Ուստի, շատ կարեւոր է յոյս ունենալ՝ դժուարութիւններուն դիմակայելու եւ կեանքի պայքարին մէջ աւելի ամուր ընթանալու համար:
Մեզմէ շատեր կը կարծեն, թէ Նոր տարիին ամէն ինչ աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ մենք կ՚ուզենք, որ անցեալ տարուան մեր չիրականացած ակնկալիքները, ձախողումներն ու դժբախտութեան զգացումները 2025-ին փոխարինուին սպիտակ էջով մը։
Իրապէս, ժամանակը սրընթաց կը թռչի, կը սահի։ Տարիները կ՚անցնին, կ՚երթան։ Երբեմն կը թուի, թէ չեմ կրնար հետեւիլ կեանքին, որովհետեւ կ՚ենթադրեմ՝ անմիջապէս կ՚անհանգստանամ աշխարհի համար: Ես կ՚անհանգստանամ բոլոր անոնց համար, որոնք օգնութիւն կ՚ակնկալեն, կ՚անհանգստանամ այս անփոփոխ կարգերուն համար, կան մարդիկ, որոնց կը կարօտնամ, կ՚անհանգստանամ նաեւ անոնց համար: Յետոյ դարձեալ կ՚ընդունիմ, որ Երկիր մոլորակը այսպիսի տեղ մըն է. հրաշքներու եւ նեղութիւններու միջավայր մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ