ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Պատրիարքական Աթոռը 2017 թուականը դիմաւորեց լաւատեսութեամբ եւ աղօթական մթնոլորտի մէջ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան մեր հոգեւորականաց դասը իրականացուց ամանորեան հաւաք մը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցան մեր հոգեւոր հայրերը՝ ողջունելու համար Նոր տարին։ Գումգաբուի մէջ Պատրիարքարանէն դէպի Մայր եկեղեցի առաջնորդուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հանդիսաւոր թափօրը մուտք գործեց պատմական տաճար, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական ժամերգութիւն։ Միասնաբար երգուեցաւ «Տէր ողորմեա»ն։ Արարողութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեր քահանայից դասու բազմամեայ անդամներէն Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանին շնորհեց աւագութեան պատիւ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն։ Սա արդար գնահատանք մը ու վարձատրութիւն մըն էր՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի կողմէ ծաւալուած բազմամեայ ու նախանձախնդիր աշխատանքին համար։
Մայր եկեղեցւոյ ժամերգութենէն վերջ հոգեւոր հայրերը վերադարձան Պատրիարքարան, ուր համախմբուեցան դահլիճին մէջ։ Ընդհանուր Փոխանորդը Ամանորի առթիւ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ան մասնաւորապէս գնահատեց մեր հոգեւորականաց դասուն անդամները, որոնք իրենց կարողութիւններուն ներած չափով, մեծ նուիրումով ծառայութիւն կը մատուցանեն մեր եկեղեցիներու պայծառութեան եւ մեր ժողովուրդի հոգեւոր մխիթարութեան համար։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յիշեցուց, որ մեր քահանայից դասու կարգ մը անդամները ի զօրու չեն իրենց պաշտօնը կատարելու՝ առողջական կամ ֆիզիքական տկարութեան պատճառներով։ Կամքի անկախ այս երեւոյթին հետեւանքով մեր հոգեւորականաց դասը որոշ չափով ուժ կորսնցուցած է եւ յառաջիկայ օրերուն որոնումներուն թափ պիտի տրուի՝ առկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու ուղղութեամբ։ Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս շնորհաւորեց նաեւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեանը։ Ընդհանուր Փոխանորդը միեւնոյն ժամանակ մատնանշեց, որ մեր երկրին մէջ վերջին շրջանին պատահած են ահաբեկչական իրերայաջորդ յարձակումներ։ Ուստի, ան մաղթեց, որ Նոր տարին առիթ հանդիսանայ խռովութիւններու յաղթահարման համար եւ ամէնուրեք տիրէ խաղաղութեան ոգին։
Ընդհանուր Փոխանորդէն վերջ, յանուն հոգեւորականաց դասուն, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ արտայայտուեցաւ՝ Ամանորի առթիւ յղելով բարեմաղթութիւններ հոգեւոր եղբայրներուն։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բարեմաղթութիւններուն համար եւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ յղեց անոր։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւս անդրադարձաւ նոր հոգեւորականներու պատրաստութեան անհրաժեշտութեան։ Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ տարի այս կենսական հարցին շուրջ կարելի դառնան գործնական քայլերը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մա-շալեան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առաջնորդութեան համար։ Ան մաղթեց նաեւ, որ թափուր հռչակուած Պատրիարքական Աթոռը 2017 թուականին օժտուի նոր գահակալով մը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան համոզուած է, թէ մեր հոգեւորականաց դասու իւրաքանչիւր անդամին պարտքն է աղօթքի ճամբով զօրավիգ կանգնիլ իր հոգեւոր եղբայրներուն, մեր Սուրբ Աթոռին եւ մերազն ժողովուրդին։ Ան կոչ ուղղեց հոգեւոր հայրերուն, որպէսզի նոր տարիին եւս շարունակեն աղօթել խաղաղութեան համար։
Իր կարգին սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած գեղեցիկ անակնկալին համար։ Հաւաքի աւարտին հոգեւոր հայրերը Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առին՝ տօնական տրամադրութեամբ ու զիրար շնորհաւորելով Ամանորի կապակցութեամբ։
Միւս կողմէ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ամանորի առթիւ իր օրհնութիւնները փոխանցեց նաեւ Պատրիարքարանի անձնակազմին։ Տարեմուտի առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը եւ անձնակազմի անդամները համախմբուեցան անուշապուրի աւանդական սեղանին շուրջ։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ տարեմուտի առթիւ կը մէկտեղուի Պատրիարքարանի անձնակազմի բոլոր անդամներուն հետ։ Ան բոլորին յղեց շնորհաւորութիւններ ու մաղթեց, որ Նոր տարին օրհնաբեր ըլլայ թէ՛ մեր Սուրբ Աթոռին եւ անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամին համար, ընտանիքներով հանդերձ։ Նորին Սրբազնութիւնը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Պատրիարքարանի անձնակազմի ծաւալած աշխատանքին, յանձնառութեան ոգիին եւ ստանձնած զոհողութիւններուն մասին։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024