ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Համայնքային շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ գտած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հիւրընկալուած ըլլալը։ Այս կապակցութեամբ երէկ կատարած էինք մանրամասն հաղորդումներ։

Մինչ այդ, մեր երէկուան հրապարակումներուն շուրջ մեզի հետ կապ հաստատեց նաեւ Պետրոս Շիրինօղլու, որ յայտնեց, թէ Անգարայի հանդիպման մասին հեռաձայնով փոխանցած տեղեկութիւններուն մէջ ունեցած էր վրիպում մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Շիրինօղլուի հանդիպման մասնակիցներու շարքին գտնուած է ոչ թէ Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատուն, այլ՝ Ներքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու Մուհթերէմ Ինճէ։

Պետրոս Շիրինօղլուի խնդրանքով կը կատարենք այս ճշդումը։

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2018