ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական համերգը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ։ Երեկոյթը պատուեց նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր։ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը այս առթիւ հանդէս եկաւ յաջող համերգով մը։ Առաջին հերթին բեմ առին երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի երկսեր փոքրիկները՝ Գարին Սուսմաք-Քաթրանճըօղլուի մականին ներքեւ։ Երգեհոնով ընկերացաւ Ռոպէր Տողանայ։ Իսկ բուն յայտագիրը գործադրուեցաւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Խումբին ընկերացաւ նուագախումբ մը։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։  

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2023