ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ  օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Մայ­րե­նի լե­զուի հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րուան շար­ժա­ռի­թով Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ո­գե­ւոր հա­ւա­քոյ­թի մը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ա­րա Գօ­չու­նեան, որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ զրու­ցեց ան­մի­ջա­կան ա­սու­լի­սի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Վար­ժա­րա­նի լի­սէի դա­սա­րան­նե­րէն ա­շա­կերտ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս ձեռ­նար­կին, ո­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կան­ցուած էին հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Մա­րալ Է­պէօղ­լու Սա­թա­րի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Ներ­կայ գտնուե­ցան Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մէն դէմ­քեր։

Յայ­տագ­րի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ա­շա­կերտ­նե­րէն Էտ­կար Իգիթեան։ Ա­ւե­լի վերջ ցու­ցադ­րուե­ցաւ հա­կիրճ տե­սա­նիւթ մը՝ Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։

Ա­պա սկսաւ բուն զրոյ­ցը, որ տե­ւեց ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս ժամ։ Տղա­քը զա­նա­զան հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին թեր­թիս խմբագ­րին, որ սպա­ռիչ պա­տաս­խան­նե­րով յա­գե­ցուց ա­նոնց հե­տաքրք­րու­թիւ­նը։ Լե­զուի եւ ինք­նու­թեան նիւ­թե­րէն սկսեալ մին­չեւ հա­մայն­քին ու լայն հա­սա­րա­կու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի պատ­մու­թե­նէն եւ այժ­մու գոր­ծու­նէու­թե­նէն սկսեալ՝ մին­չեւ մար­զա­կան շար­ժում­ներ՝ բազ­մա­կող­մա­նի ու ջերմ զրոյց մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին է­սաեան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ թեր­թիս խմբագ­րին մի­ջեւ հաս­տա­տուե­ցաւ իս­կա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը։

Հա­ւա­քոյ­թի ա­ւար­տին փակ­ման խօսք մը ար­տա­սա­նեց տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան, որ բարձր գնա­հա­տեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նին։ 

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2016