ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Մեծ պահոց շրջանին Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւնները կը շարունակուին մեր եկեղեցիներէն ներս։ Հայաշատ թաղերու մեր եկեղեցիներուն առընթեր, հայ բնակչութենէ նօսրացած պատմական թաղերու մէջ ալ կ՚ապրուի հոգեւոր մեծ հրճուանք։ Երէկ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն մը, որուն նախագահեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ արարողութեան, որու ընթացքին հանդիսադիր Հայր Սուրբը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Սեւան Արապօղլու։ Արարողութիւնը աւարտին հասաւ խաչահանգիստով։
Յաւարտ Ս. Պատարագի Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին կողմէ սարքուեցաւ պահքի աւանդական սիրոյ սեղան մը։ Բոլոր հաւատացեալները հոգեւոր մեծ բաւարարութիւն ապրեցան Մեծ պահոց նուիրական շրջանին իրարու հետ հաց բեկանելով՝ Հայր Սուրբին կողմէ օրհնուած սեղաններուն շուրջ։