ՍԱՀԱԿԵԱՆՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի աշակերտները վերջերս ունեցած են գնահատելի նուաճում մը։ Այսպէս, անոնք արժանացած են «e-Twinning-21 Եւրոպա»ի առաջնութեան։

Անցեալ կրթական շրջանին սահակեանցիները՝ 7-11 տարեկաններու դասաւորման համար նախատեսուած այս մրցոյթին մասնակցութիւն բերած էին յատուկ ծրագիրով մը, որ կը կոչուէր «Animal Friends In An Animal-Friendly World»։ Վերջերս յայտնի դարձած են արժեւորման արդիւնքները, ըստ որոնց մրցոյթին ներկայացուած 780 ծրագիրներու շարքին առաջնութեան արժանի դասուած է սահակեանցիներու կողմէ ներկայացուածը։ Կը շնորհաւորենք։

Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2021