ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովենը։ Ֆրանսացի դիւանագէտը Գումգաբու փութացած էր՝ տեղեկութիւններ քաղելու համար Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ֆրանսացի աւագ հիւպատոսին տեղեկութիւններ փոխանցեց պոլսահայ իրականութեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ծաւալուած աշխատանքին շուրջ։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ Օլիվիէ Կովեն շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ ստորագրելով Պատրիարքարանի պատուոյ տոմարը։

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022