ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Կեդրոնական վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ընտանեկան ջերմ հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, դպրոցի երդիքին տակ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ համախմբուեցան Կեդրոնականի ընտանիքի պատասխանատուներն ու քանի մը խորհրդանշական դէմքերը։ Իրականութեան մէջ, գործնական առումով այդ հաւաքոյթի մասնակիցները միշտ այնտեղ են, սակայն, նկատի ունենալով, որ վարչական առումով հերթի փոփոխութիւններ տեղի ունեցան վերջերս, երէկուան այս համախմբումը առանձնայատուկ իմաստ ստացաւ։ Դպրոցի երդիքին տակ համախմբուեցան Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, ուսուցչական կազմը, անձնակազմը, ծնողաց միութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ երիցագոյն շրջանաւարտներէն Հայկ Ասլանեան, որ իբրեւ բարերար ու սան միշտ փարած կը մնայ հաստատութեան։
Ընդունելութեան մը ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ ներկաները սրտի խօսքերով հանդէս եկան՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ եւ յառաջիկայ գործունէութեան համար վերարտայայտելով իրարու նկատմամբ վստահութիւնն ու գործակցութեան պատրաստակամութիւնը։