ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՓԱՅԼՈՒՆ ՔԷՐՄԷՍԸ
Շաբաթավերջի Մայրերու օրուան ընդառաջ, Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ կը կայանայ երկօրեայ քէրմէս մը, որ իր դռները հասարակութեան առջեւ բացաւ երէկ։ Վարժարանի քէրմէսի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ձեռնարկին նպաստած է նաեւ ծնողաց միութիւնը։ Վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ եղան այցելուներու շարքին։ Խնամքով պատրաստուած ձեռագործ եւ այլ տեսակ առարկաներ ու իրեր կ՚արժանան հիւրերու հետաքրքրութեան։
Էսաեան վարժարանի յաջող, ճաշակաւոր ու գեղեցիկ ձեռագործերով պատրաստուած քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբին ու ծնողաց միութեան անդամուհիներն էին հետեւեալները.
Զեփիւռ Կիրակոսեան, Նատիա Զիւլէմեան, Անի Պահարօղլու, Շնորհիկ Չեթին, Սիւզան Պորա, Կիւլվարդ Պահարօղլու, Պերճուհի Օվակիմ, Նազլը Պոզ, Պրիան Շիլէլեան, Մարի Սարաճեան, Կիւլիզար Ահպապ, Նուարդ Խաչերեսեան, Ֆիլոր Կազէր, Կիւնայ Մերմէր, Վարդանոյշ Տուրմազկիւլէր, Զէքիյէ Թաշ, Վարդուհի Ֆենտ, Անժէլ Այտէտէ, Սօնա Քեշիշօղլու, Խաթուն Քընըչտաղ, Արիանա Ճումկազէրօղլու, Սոֆիա Ավճը, Սունա Տեմիրճի, Հելէն Մուրատճըօղլու, Լիտիան Եշիլթեփէ, Թալին Չոփուր, Թալին Մանթօ եւ Պելինտա Տօնապետեան։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024