ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն ա­շա­կերտ­ներ մրցա­նակ­ներ նուա­ճած են միջ­վար­ժա­րա­նա­յին շարք մը մրցոյթ­նե­րու մէջ։ «Նոթր Տամ Տը Սիոն» հիմ­նար­կին կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած «Neslin değişen se­si» վար­ժա­րա­նը այս տա­րի վե­ցե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պած է պատ­մուած­քի ու բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մրցոյթ մը։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն Ա­րի Ար­ման Քա­յաօղ­լու դար­ձաւ այս մրցոյ­թին ա­ռա­ջի­նը։ 118 թեկ­նա­ծու­նե­րու շար­քին ան ար­ժա­նա­ցաւ ա­ռաջ­նու­թեան եւ իր պար­գե­ւը ստա­ցաւ ձե­ռամբ Շիշ­լիի կրթա­կան տնօ­րէն Մու­րատ Միւ­ճա­հիտ Են­թիւ­րի։

Բաց աս­տի, «Կիւլ­թէն Էօ­զայ­տըն» լի­կէո­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի եր­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ պատ­մուած­քի մրցոյթ մը։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն Լե­նա Սա­րըօղ­լու ման­սիո­նի ար­ժա­նա­ցաւ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նով։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017