ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԻԵՆՆԱ

Մխիթարեան վարժարանի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Վիեննա։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ այս պտոյտը, որմէ խորապէս տպաւորուեցան աշակերտները։ Վիեննայի մէջ կեցութեան օրերուն տղաքը այցելեցին Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը, որու համալիրէն ներս կատարեցին պտոյտ մը։ Շրջայցը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի տղաքը կարենան կատարեալ պատկերացում մը կազմել Մխիթարեան միաբանութեան պատմութեան, առաքելութեան ու ծաւալած գործունէութեան նշանակութեան շուրջ։

Այցելութեան օրերուն տղաքը այցելեցին նաեւ Վիեննայի պատմամշակութային նշանակութեամբ այլ վայրեր։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018