ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏ

Հա­մայն­քին մօտ խոր յու­զում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է մեր ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն 42-ա­մեայ Նիր­վա Սա­հի­լեա­նի մա­հո­ւան գոյ­ժը։ Ան­ժա­մա­նակ, անմ­խի­թար ու ե­ղեռ­նա­կան այս կո­րուս­տը սու­գի մատ­նած է իր սի­րե­լի­նե­րու շրջա­նա­կը։

Նիր­վա Սա­հի­լեան մա­հա­ցած է Իզ­մի­րի մէջ, իր են­թար­կո­ւած ստա­մոք­սա­յին գոր­ծո­ղու­թե­նէն (mide balonu) հա­զիւ ա­միս մը վերջ։

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները իր ըն­տա­նի­քին։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015