ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԵՐՈՒՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆ
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներու հանդէսին առթիւ։ «Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։
Պարէտ Քէօրօղլուի եւ Նաթալի Էզէրի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Քարապուլութ, տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ եւ փոխ-տնօրէն Ալի Կիւվէն։ Աշակերտներուն անունով արտայայտուեցան Նաթալի Էզէր, Լինտա Տէմիրճի եւ Իւմիտ Թաշքէօփրիւ։ Իր սրտի խօսքը արտասանեց շրջանաւարտ դասարանի ուսուցչուհին՝ Սիլվա Տուման։ Յանուն ծնողներուն խօսք առաւ նաեւ Պելինտա Մըխճըօղլու։ Ծրագրին տեւողութեան կատարուեցաւ պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մը եւ տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։
Աւարտին ծափահարութիւններու ներքեւ անոնք ստացան իրենց վկայականները։ Հայերէնի մէջ լաւագոյն հանդիսացած Լինտա Տէմիրճիի պարգեւատրումով եզրափակուեցաւ ձեռնարկը։