Ի ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԷՕՍԵՄԻԷ ՏԱՌԱՊՈՂ ԵՐԱԽԱՆԵՐՈՒՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ սոփ­րա­նօ Գա­րին Պոզ­քուրթ վա­ղը հան­դէս պի­տի գայ հա­մեր­գով մը, որ կազ­մա­կեր­պուած է ի զօ­րակ­ցու­թիւն լէօ­սե­միէ տա­ռա­պող ե­րա­խա­նե­րուն։ Հա­մեր­գի յայ­տագ­րին մէջ Գա­րին Պոզ­քուրթ պի­տի եր­գէ թե­նոր Պիւ­լենտ Քիւ­լեք­ճիի հետ։

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կը վա­ղը ե­րե­կո­յեան տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Ֆու­լիա» գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ։ 

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016