ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԱՉԱԶՈՒՐԿ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ ԲԵՐԻՆ ԻՐԵՆՑ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի երկ­րորդ, եր­րորդ եւ չոր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը այս տա­րի ի­րա­կա­նա­ցու­ցին մար­դա­սի­րա­կան շատ կա­րե­ւոր ծրա­գիր մը: Ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ծրա­գիր­նե­րու շրջագ­ծով, 2015-2016 կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ ա­նոնք ընտ­րե­ցին ըն­թերց­ման հա­ճե­լի եւ ու­սու­ցո­ղա­կան գիր­քեր ու ամ­բողջ տա­րուան ըն­թաց­քին զա­նոնք տա­կաւ առ տա­կաւ ձայ­նագ­րե­ցին  խտա­սա­լիկ­նե­րու վրայ: Այս­պէս՝ ա­նոնք պատ­րաս­տե­ցին ձայ­նա­ւոր գիր­քեր, ո­րոնք մեծ դիւ­րու­թիւն պի­տի ըն­ծա­յէին ա­չա­զուրկ տղոց, գիր­քե­րու մի­ջո­ցաւ ար­տա­քին աշ­խար­հին ծա­նօ­թա­նա­լու եւ մտքով ճախ­րե­լու դէ­պի գու­նա­գեղ հո­րի­զոն­ներ: Իբ­րեւ վեր­ջա­կէտ ի­րենց այս նուի­րեալ աշ­խա­տու­թեան, մխի­թա­րեան­ցի փոք­րիկ­նե­րը 1 Մա­յիս, Չո­րեք­շաբ­թի, վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Գա­թիա Վար­կըի եւ ու­սուց­չու­հի­նե­րու Իլք­նուր Պա­րան, Շէյ­տա Այ­քուշ, Շու­շան Գա­լա­թաշ, Գա­րին Ար­թուր, Ա­լին Ալ­թըն­թո­փուզ եւ Ա­նի Բա­քեիւ­զի  ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ այ­ցե­լե­ցին Սկիւ­տա­րի Թիւր­քան Սա­պան­ճը կոյ­րե­րու վար­ժա­րա­նը: Հոն մխի­թա­րեան­ցի տղա­քը ի­րենց ձայ­նագ­րած գիր­քե­րը նուի­րե­ցին վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն, մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով ա­նոնց: Մխի­թա­րեան­ցի­նե­րը ա­չա­զուրկ տղոց նուի­րե­ցին նաեւ ցցուն քար­տէս­ներ, որ­պէս­զի ա­նոնք ա­ւե­լի յստակ ճա­նա­չում մը կազ­մեն մեր երկ­րին եւ իր աշ­խար­հագ­րու­թեան մա­սին:

Դէ­պի կոյ­րե­րու վար­ժա­րան կա­տա­րուած այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը նաեւ ա­ռիթ դար­ձաւ, որ հիւր եւ հիւ­րըն­կալ վար­ժա­րա­նի տղոց մի­ջեւ ստեղ­ծուի բա­րե­կա­մա­կան ան­մի­ջա­կան մթնո­լորտ մը: Տղա­քը ի­րա­րու հետ ան­կեղ­ծօ­րէն բաժ­նե­ցին ի­րենց գա­ղա­փար­նե­րը եւ փոր­ձե­ցին հասկ­նալ մէկզ­մէ­կու զգա­ցում­նե­րը, ինչ որ  նա­խա­պայ­մանն է հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան եւ ի­րեր­հաս­կա­ցո­ղու­թեան, նաեւ մեծ քայլ մը՝ նե­տուած դէ­պի ա­ւե­լի լաւ, ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ աշ­խարհ մը: Այս առ­թիւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի եւ տա­նու­տէր վար­ժա­րա­նի ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բե­րը միաս­նա­բար սար­քե­ցին փոք­րիկ հա­մերգ մըն ալ, մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­լով վար­ժա­րա­նին մէջ:

Օ­րուան վեր­ջա­ւո­րու­թեան մխի­թա­րեան­ցի տղա­քը ի­րենց ա­չա­զուրկ քոյր եւ եղ­բայր­նե­րէն ա­կա­մայ հրա­ժեշտ ա­ռին այլ ա­ռիթ­նե­րով կրկին մէկ­տե­ղուե­լու խոս­տու­մով:

Այս ի­մաս­տա­լից այ­ցե­լու­թեան ան­բա­ցատ­րե­լի գո­հու­նա­կու­թիւնն էր, աչք դառ­նալ ա­չա­զուրկ տղոց եւ ծա­ռա­յու­թիւն մը մա­տու­ցա­նել օգ­նու­թեան կա­րօտ տա­րե­կից­նե­րուն:

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016