ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի ուղեկցութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծանօթացաւ եկեղեցիէն ներս վերջերս իրականացուած բարենորոգման աշխատանքներու արդիւնքին։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքարանի եւ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին միջեւ մօտաւոր անցեալին յառաջացած էին խնդիրներ եւ Գումգաբուի տնօրինութեամբ եկեղեցին միջոցի մը համար փակուած էր պաշտամունքի։ Աւելի վերջ խնդիրները հարթուած էին դրական ձեւով եւ եկեղեցին վերաբացուած էր պաշտամունքի։ Այդ բոլորէն վերջ առաջին անգամ Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի։

Միւս կողմէ, երէկ, Կալաթասարայի հրապարկին վրայ տեղի ունեցաւ հոգելոյս կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի յիշատակին ձօնուած ցուցահանդէսի մը բացումը, որուն եւս ներկայ եղաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Ուրբաթ, Յունիս 4, 2021