ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Համանուն սանուց միութեան կողմէ ձմրան շրջանին կազմակերպուած դասընթացքներու եզրափակիչ հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Շուրջ յիսուն փոքրիկներ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Անոնք աշխատանք տարած էին երաժշտութեան, նկարչութեան եւ պարի վրայ։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ ուրախութիւն ապրեցաւ դասընթացքներու արդիւնքով։

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024