ՄԻԼԵՆԱ ԱՅՍԵԼԻԻ ԵՒ ՌԱՖՖԻ ՔԱԼՔԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ժիրայր Քըլըչտաղ կը տեղեկացնէ.-
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ՝ Միլենա Այսելի եւ Ռաֆֆի Քալք վերջերս աւարտած են «Կետիկ» համալսարանի Մարզական գիտութիւններու ֆաքիւլթէն։ Միլենա Այսելի համալսարանէն վկայուած է որպէս մարմնամարզի ուսուցչուհի ու կը պատրաստուի արդէն նուիրուիլ իր ասպարէզին։ Իսկ Ռաֆֆի Քալք համալսարանէն վկայուած է որպէս մարմնամարզի կառավարիչ։
Մեր այս երկու արժէքաւոր երիտասարդները երկար ժամանակէ ի վեր արդէն աշխուժութեամբ ներգրաւուած են մարզական կեանքին։ Անոնք նկատելի յաջողութիւններ արձանագրած են եւ այդ բոլորին տրամաբանական շարունակութիւնը կը համարուի բարձրագոյն ուսման փուլին իրենց նոյն ճիւղին մէջ մասնագիտանալը։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Միլենա Այսելին եւ Ռաֆֆի Քալքը, որոնց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։