ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ դարաւոր կրթօճախի պարտէզին մէջ: Այս տարի վարժարանը կու տար իր 191-րդ պատուաբեր շրջանաւարտները: Հանդէսին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, ատենապետ Արման Գամառի գլխաւորութեամբ Մատակարար մարմնի անդամ եւ անդամուհիներ, վարժարանի տնօրէնութիւնները, ուսուցչաց կազմը, Ծնողաց միութիւնը, ծնողներ եւ այլ հիւրեր:
Օրուան խօսնակներն էին աւարտական դասարանէն երկու շնորհալի երիտասարդ՝ Լարա Մեսրոպեան եւ Նաթան Սիւսլիւ: Հանդէսին բացման խօսակցութիւնը ըրաւ Պերճ Մենզիլճիօղլու: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտները, որոնք միշտ ցոյց տուած էին յարատեւ աշխատութիւն: Պերճ Մենզիլճիօղլու չմոռցաւ նաեւ ուղարկել իր շնորհակալութիւնները վարժարանի տնօրէնութեանց, ուսուցչաց կազմին, Ծնողաց միութիւններուն, քարտուղարութեան եւ անձնակազմին, որոնք ձեռք ձեռքի տուած՝ ամէն ջանք ի գործ դրած էին հասցնելու համար վարժարանի այսօրուան արժէքաւոր հունձքը: Ապա արտայայտուեցաւ լիկէոնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, որ սրտանց շնորհաւորեց բոլոր ընթացաւարտ աշակերտները: Անոնք միմիայն աշխատասէր, ջանասէր եւ կարգապահ աշակերտներ չէին եղած, անոնք այս առաքինութիւններուն քով իրենց մէջ լիուլի խտացուցած էին նաեւ սէրն ու յարգանքը: Տղոց ուղղեալ շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ միջնակարգի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան:
Յետոյ վարդապետներու, վարժարանի վարիչներու եւ կրթական մշակներու ձեռամբ աշակերտներուն յանձնուեցան վարժարանի խորհրդանշական վկայականները: Մատակարար մարմինն ալ ընթացաւարտներուն համար պատրաստած էր իմաստալից նուէրներ: Յատուկ նուէրներով վարձատրուեցան նաեւ աւարտական դասարանի յաջողագոյն աշակերտները: 2015-2016 ուսման տարեշրջանին լեզուկան բաժինը առաջնութեամբ աւարտած էր Լինա Չավտար: Վարժարանին երրորդը հանդիսացած էր Հելին Մուրատեան, երկրորդը՝ Լարա Մեսրոպեան, իսկ վարժարանին առաջինը հանդիսացած էր Սելինա Մանան: Դարձեալ Սելինա Մանանն էր, որ թուաբանութեան եւ գիտութեան դասերու մէջ իր ցուցաբերած բացառիկ յաջողութեամբ արժանացաւ «Բարսեղ Սարայլը» ոսկեդրամին: Իսկ միջնակարգի բաժնի առաջինը հանդիսացած էր Աքսէլ Փուլաշ, որ նմանապէս պարգեւատրուեցաւ «Բարսեղ Սարայլը» ոսկեդրամով: Աստիճանաւոր աշակերտները ողջունուեցան ծափողջոյններով: Յանուն աւարտական դասարանի աշակերտութեան՝ Սելինա Մանան արտայայտեց իր զգացումները: Ան պարտք համարեցաւ յղել իր երախտագիտական զգացումները Մխիթարեան վարժարանին, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ունէին իրենց անուրանալի բաժինը իր եւ իր ընկերներուն յաջողութեան մէջ:
Յանուն Մխիթարեան սանուց միութեան՝ շրջանաւարտ աշակերտներուն խօսք ուղղեց վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան: Ան խօսեցաւ միութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին եւ տղաքը հրաւիրեց յաճախ մէկտեղուելու իրենց հաւաքատեղիին մէջ, որպէսզի տարիներու ընթացքին իրենց միջեւ գոյացած կապը երբեք չխզուի: Ան աշակերտները հրաւիրեց նաեւ գործօն դեր ստանձնելու միութեան վարչութեան մէջ:
Տղոց ուղղեալ իր սրտի խօսքը ըրաւ նաեւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան: Բարձր գնահատելով Մխիթարեան յարկին տակ տղոց ջամբուած ուսման մակարդակը եւ փոխանցուած մշակութային ժառանգութիւնը, Հ. Յակովբոս Վարդապետ տղոց պատգամեց տէր կանգնիլ այդ անգին արժէքներուն: Վարդապետը մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ համալսարանական ուսումը մարդուս կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուան մը ըլլալով հանդերձ, ատկէ ա՛լ աւելի կարեւոր են անհատական նկարագիրը, խելացութիւնը եւ կարողութիւնները, որոնք նպաստաւոր դռներ կը բանան երիտասարդներուն առջեւ: Եւ վերջապէս Վարդապետը տղոց ուղղեց իր բարեմաղթանքները, Աստուծմէ հայցելով, որ անոնց կեանքը միշտ խինդով լեցուի եւ անոնց բոլոր նախաձեռնութիւնները պսակուին պատուաբեր յաջողութեամբ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ պաստառի ցուցադրութիւն մը, որու ընթացքին տողանցեցին աւարտական դասարանի ուսումնական շրջանէն խօսուն դրուագներ:
Յետոյ բոլոր ներկաները պատուասիրուեցան ընթրիքով: Երեկոյթին ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ընթացաւարտ տղաքը միասնաբար կտրեցին իրենց շրջանաւարտութեան կարկանդակը: Անոնք նկարուեցան եւ զուարճացան Արման Ծատուրի հաճելի երաժշտութեան ներքեւ:
Այսպէս՝ 28 Յունիս 2016, Երեքշաբթի իրիկուն Մխիթարեան վարժարանը տուաւ իր 191-րդ շրջանաւարտները՝ բոլորն ալ իրարմէ արժէքաւոր, իրարմէ անուշիկ երիտասարդներ, որոնց բոլորն ալ ապագայ կը խոստանան եւ վաղը անոնք հաւանաբար պիտի նուաճեն նորանոր յաջողութիւններ, Մխիթարեան վարժարանի մէջ իրենց ստացած բարեմասնութիւնները դրսեւորելով այլազան մարզերու մէջ: