ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԿԸ ԿԱԶՄՈՒԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ
Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրով այսօր Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւոր համայնքային ժողով մը։ Այսպէս, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրով, Պատրիարքարանի երդիքին տակ կը համախմբուին համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարութեանց ներկայացուցիչները։
Ինչպէս հաղորդած էինք, օրակարգի վրայ է պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի կազմուիլը։ Համայնքային հաստատութիւններուն կողմէ այս մարմնի ձեւաւորման համար կ՚առաջարկուին թեկնածուներ եւ քուէարկութեան արդիւնքով 12 անդամներ կ՚ընտրուին նախաձեռնարկ մարմնին համար։ Կազմը վերջնական ձեւը պիտի ունենայ Պատրիարքարանին վերապահուած քոթայով նշանակուելիք եւս 5 անդամներով։ Նախաձեռնարկ մարմինը ընդհանուր առմամբ 17 հոգիէ պիտի բաղկանայ։
Հարկ է յիշեցնել, որ հանգստեան կոչուած պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հիւանդութենէն ի վեր արդէն երկրորդ անգամ կը կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը։ Նախապէս ձեւաւորուած նախաձեռնարկ մարմինը չէր կրցած իր բնականոն գործունէութիւնը ծաւալել՝ աթոռակից կամ նոր պատրիարք մը ընտրելու հարցին շուրջ համայնքէն ներս յառաջացած խոր տարակարծութիւններուն հետեւանքով։ Ուրեմն, այժմ այդ փորձէն վերջ երկրորդ անգամ կը ստեղծուի նախաձեռնարկ մարմին մը, որու նպատակը պիտի ըլլայ կազմակերպչական անհրաժեշտ աշխատանքները իրականացնել, պետական պատկան մարմիններուն հետ համակարգուած ձեւով աշխատիլ՝ Պատրիարքական Աթոռը ազգընտիր նոր գահակալով մը օժտելու նպատակով։