ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ «ԴԷՊԻ ՎԱՐԴԱՎԱՌ»

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի Վարդավառ» խորագրեալ դասական երաժշտութեան համերգ մը։ «Մենք երգ ենք» երիտասարդական համերգաշարի նախաձեռնութեան շրջանակին մաս կազմեց այս երեկոյթը, որու հանդիսավարն էր Անի Էրտողան։ Յայտագրի տեւողութեան Քայրա Ալկան, Տերեւ Մալխասեան, Սերա Տեմիրճիօղլու, Միքայէլ Էքմէքճի, ինչպէս նաեւ Նայատ ու Նաիրի Քալայլը քոյրերը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող կատարումներով։

Հուսկ, Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան ու գնահատանքի խօսքով մը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2024