ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԽՈՒՄԲԸ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը ճատ­րա­կի մէջ կ՚ար­ձա­նագ­րէ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ 15-22 Յու­լիս թուա­կան­նե­րուն Շիշ­լիի ճատ­րա­կի կազ­մը Գո­նիա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Թուր­քիոյ ա­ռաջ­նու­թեան։ 68 խում­բեր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Գո­նիա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս մրցա­շար­քին, ո­րու ար­դիւն­քին շիշ­լի­ցի­նե­րը զբա­ղե­ցու­ցին 21-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նը։ Ինն մար­զիկ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ Շիշ­լիի կազ­մին մէջ Մեհ­մէտ Մերթ Պայ­քա­րա յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց նաեւ ան­հա­տա­կան գետ­նի վրայ։ Եր­րորդ սե­ղա­նի մրցող­նե­րու շար­քին ան հան­դի­սա­ցաւ եր­րորդ։

Եր­կու տա­րիէ ի վեր Շիշ­լիի ճատ­րա­կի կազ­մը ար­դէն կը մաս­նակ­ցէր Իս­թան­պու­լի ա­կում­բա­յին ա­ռաջ­նու­թեան։ Այդ մաս­նակ­ցու­թեան ի շա­րու­նա­կու­թիւն Գո­նիա­յի մէջ շիշ­լի­ցի­նե­րու կող­մէ ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ մեծ նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շած է յա­ջորդ տա­րուան հա­մար կա­տա­րել նոր կար­գադ­րու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, պի­տի ստեղ­ծուի Թուր­քիոյ ճատ­րա­կի Բ. լի­կը։ Գո­նիա­յի մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին 68 խում­բե­րու շար­քին ա­ռա­ջին 30 շար­քե­րը զբա­ղե­ցու­ցած խում­բե­րը ի­րա­ւունք պի­տի ու­նե­նան պայ­քա­րե­լու նո­րաս­տեղծ Բ. լի­կին մէջ։ Ա­նոնց վրայ պի­տի ա­ւել­նան այն 6 խում­բե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ մրցաշր­ջա­նի ա­ւար­տին Թուր­քիոյ Ա. լի­կին մէջ մնալ չեն յա­ջո­ղած։ Այս­պէս, ըն­դա­մէ­նը 36 խում­բով յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի սկսի Թուր­քիոյ ճատ­րա­կի Բ. լի­կին մրցակ­ցու­թիւ­նը։ Շիշ­լին ալ պի­տի մաս­նակ­ցի այդ մրցա­շար­քին՝ ձգտե­լով Թուր­քիոյ Ա. լի­կը բարձ­րա­նա­լու նպա­տա­կին։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը Գնա­լը կղզիի մէջ ընթ­րիք մը կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ ճատ­րա­կի կազ­մին, որ վեր­ջերս ար­ձա­նագ­րեց այս նու­ճու­մը։ Լո­ղա­ւա­զա­նի հա­մա­լի­րէն ներս, ըն­տա­նե­կան մթնո­լոր­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք եւ իր ըն­կեր­նե­րը ա­մե­նա­ջերմ զգա­ցում­նե­րով շրջա­պա­տե­ցին ճատ­րա­կի կազ­մի մար­զիկ­նե­րը։ Ներ­կայ էին նաեւ ա­կում­բի նախ­կին ա­տե­նա­պետ­նե­րէն Ղա­զա­րոս Ու­նան եւ Հայ­կա­րամ Քա­րա­սու։ Ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք այս առ­թիւ յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց Սար­վէն Չաք­մա­քին, որ ճատ­րա­կի բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տուն է։ Ընթ­րի­քի ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Ա­լէն Թեք­պը­չաք, Սար­վէն Չաք­մաք, Ար­թօ Փեհ­լի­վա­նեան, Հայ­կա­րամ Քա­րա­սու եւ Նա­զար Հան­չէր։ Ա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը յու­շա­նուէր­ներ ալ պատ­րաս­տած էր ճատ­րա­կի կազ­մի մար­զիկ­նե­րուն հա­մար։

Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին, ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ձե­ւա­չա­փին մէջ, ա­կում­բի վար­չա­յին­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին՝ թէ Շիշ­լի ընդ­հա­նուր առ­մամբ յաղ­թա­հա­րած է վեր­ջին շրջա­նի տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մը եւ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ա­ւե­լի յա­ւակ­նոտ ձգտում­ներ պի­տի ու­նե­նայ պաս­քեթ­պո­լի եւ վո­լէյ­պո­լի ճիւ­ղե­րու պա­րա­գա­յին եւս։  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2016