ՄՈՒՐԱՏ ԻՉԼԻՆԱԼՉԱ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը որոշեց Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի ղեկը յանձնել Մուրատ Իչլինալչային։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որ կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդը, այս առաւօտ մեզի բացատրութիւններ տուաւ նոր տնօրէնի նշանակման շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ թաղային խորհուրդը համապատասխան որոշումը ընդունած է եւ հիմնադրի ներկայացուցչին միջոցաւ պատկան իշխանութիւններուն մօտ կատարուած է անհրաժեշտ դիմումը։ «Երաժշտանոց աւարտած, բարձրագոյն ուսումով երիտասարդ մըն է Մուրատ Իչլինալչա։ Որպէս երիտասարդ կրթական մշակ ան յառաջիկայ շրջանին պիտի աշխատի Էսաեան վարժարանի վերելքին համար։ Մուրատ Իչլինալչա երկար ատենէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցանէ նաեւ մեր եկեղեցիին», ըսաւ Սիմոն Չեքէմ։

Միւս կողմէ, Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի նորանշանակ տնօրէնուհի Անիլտա Մանթօ Մենեքշէի վաւերացումն ալ արդէն հասած է պատկան մարմիններէն։

Այսպէսով 2020-2021 կրթական շրջանի վերամուտին արդէն յայտնի դարձած են Էսաեան վարժարանի նոր տնօրէնները։ Անցեալ տարեվերջին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը որոշած էր կասեցնել նախկին տնօրէնուհիներուն պաշտօնավարութիւնը, ինչ որ լուրջ աղմուկ մը ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Այդ բոլորէն վերջ այժմ նոր շրջան մը կը սկսի Էսաեանի մէջ։ Այժմու հերթի փոփոխութեան փուլը կը բնորոշուի նաեւ թաղային խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յաւակնոտ նպատակներով եւ Էսաեան վարժարանի պարագային նոր ոստումի մը ակնկալութեամբ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020