ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որ արժանացաւ հետաքրքիրներու կոկիկ բազմութեան մը ուշադրութեան։ Այսպէս, Հասան Քուրուեազըճըի կողմէ հեղինակուած «Adalar, Binalar, Mimarlar» գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը անցաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ։ «Adalı» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած է այս գիրքը, որու արդէն երկրորդ տպագրութիւնն ալ կատարուած է։ Երէկուան ձեռնարկը առաւել չափով ընթացաւ հեղինակին հետ զրոյցի ձեւաչափին մէջ։ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու առընթեր, մասնակիցներու շարքին էին կղզեբնակ հետաքրքիրներ։ Հարկ է նշել, որ գիրքը հրատարակուած է երկլեզու՝ թրքերէնով եւ անգլերէնով։ Երկրորդ տպագրութեան իր նպաստը բերած է նաեւ մեր համայնքէն Պարէտ Պինաթլը։ Գիրքի ճոխ բովանդակութեան մէջ առանձնապէս ընդգծուած են կղզիներէ ներս հետք թողած հայազգի ճարտարապետներն ու ճարտարագէտները. ինչպէս՝ Յովսէփ Ազնաւուր, Յովհաննէս Էօզազնաւուրեան, Նշան Եաղուպեան, Միհրան Ազարեան, Արամ Պարտիզպանեան, Գաբրիէլ Չիլ, Նուպար Աճէմեան, Ժան Կավիլոֆ, Լեւոն Կիւրեղեան, Նազար Պինաթլը, Անդրանիկ Մատոյեան, Արա Թոշիկեան եւ այլք։

Երեկոյթի ընթացքին հեղինակին հետ զրոյցը վարեց՝ Կղզեաց հիմնարկի նախագահ Հալիմ Պուլութօղլու։ Ներածական խօսակցութենէ վերջ ներկաները հարցումներ ուղղելու հնարաւորութիւն ունեցան։ Հասան Քուրուեազըճը երեկոյթի աւարտին մասնակիցներու համար մակագրեց գիրքերը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2021