ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։
Նորին Ամենապատուութիւնը կրօնական արարողութիւններէն վերջ այցելեց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանը՝ ուղեկցութեամբ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրի եւ գործակից ընկերներուն, նաեւ դպրոցի տնօրէնուհի Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսի։ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդին ջանքերով վարժարանի համալիրէն ներս արձակուրդի շրջանին մեծ թափով երկրաշարժի դէմ ամրացման աշխատանքներ իրականացուած էին եւ անոնց շնորհիւ ներկայիս շէնքը աւելի տոկուն դարձած է, բարձրացած է դիմադրունակութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութեամբ վերահասու դարձաւ այս կրթօճախի ամրացման լուրերուն, նաեւ տեղեկութիւններ քաղեց վերամուտի ընդառաջ հաստատութեան համար ապահովուած դասաւանդման արդի սարքաւորումներուն շուրջ։ Հուսկ, ան օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը յղեց նոր կրթական շրջանին համար։