ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն կ՚ընկերանային թաղային խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Դաւիթ Տամլա, Նուրհան Ճէմճէմ, ինչպէս նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն։
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը, որու սեմին Գումգաբուի ընտանիքի ներկայացուցիչները խմբագրատունս այցելելով փափաքած էին փոխանցել տեղեկութիւններ։ Պէզճեան Մայր վարժարանը այս տարի ունի 131 աշակերտ, 24 կրթական մշակ, չորս պաշտօնեայ եւ չորս տնտես։ Ինչպէս մեր միւս վարժարաններու պարագային, Պէզճեանն ալ այս տարի դէմ յանդիման կը գտնուի պիւտճէի լուրջ բացի մը։ Գրեթէ 1 միլիոն լրայի սահմանին հասած է Մայր վարժարանի տարեկան պիւտճէի բացը։
Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերակիցները յայտնեցին, որ մեր երկրի տնտեսութեան ընդհանուր վիճակը լուրջ նեղութիւններու դէմ յանդիման կը թողու նաեւ համայնքի կրթական հաստատութիւնները։ Արդարեւ, առաջին հերթին ծնողներէն ակնկալուած նուիրատուութիւնները կը կրճատուին անհամեմատօրէն։ Ասոր վրայ կու գան աւելնալ նաեւ այլ գործօններ. ինչպէս՝ պետութեան կողմէ կատարուած փոխանցումներուն նուազիլը, տուրքերու յաւելումը եւ այլն։ Պէզճեան Մայր վարժարանը աշակերտութեան այնպիսի ընդհանուր դիմագիծ մը ունի, որ արդէն կը պարտաւորուի տղոց ուսում ջամբել բոլորովին անվճար դրութեամբ։ Այս իրավիճակին մէջ թաղային խորհուրդը շարժման կ՚անցընէ իր բոլոր հնարաւորութիւնները, առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ կ՚օգտագործէ իր միջոցները, որպէսզի կարենայ յաղթահարել առկայ տնտեսական դժուարութիւնները։
Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերակիցները երէկ մեզի յայտնեցին, որ այս ծանր փորձութեան շրջանը յաղթահարելու համար կ՚ապաւինին մեր համայնքի զօրակցութեան։