ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Հրեայ համայնքի Նոր տարուան՝ Ռոշ հա-Շանա տօնին առիթով, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւային։

Տեղապահ սրբազանը յանուն Պատրիարքական Աթոռի եւ հայ համայնքին՝ յանձին րաբունապետի շնորհաւորեց հրեայ համայնքը եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ։ Րաբունապետ Հալեւա շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան առիթով, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց տեղապահ սրբազան հօր՝ ձեռնարկած իր պաշտօնին համար։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019