ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ տարեկան մատաղօրհնութեան համաատենապետները՝ Խաչիկ Քեչիեոլու եւ Եսայի Տեմիր։ Հարկ է նշել, որ Սամաթիոյ տարեկան սիրոյ սեղանը պիտի սարքուի այս շաբաթավերջին։
Երէկուան զրոյցին ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, որ այս տարուան պիւտճէի բացը 14 միլիոն լիրայի մակարդակին հասած է։ Ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան յայտնեց, որ այս աստղաբաշխային գումարը ապահովել հնարաւոր պիտի չըլլար միայն թաղային խորհուրդի ջանքերով, ուստի, որոշուեցաւ աշխատանքներուն ներգրաւել նաեւ Խաչիկ Քեչիեոլուն եւ Եսայի Տեմիրը, որոնք իրենց կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները կը բարձրացնեն։ Տավուլճեան, Քեչիեոլու եւ Տեմիր յոյս յայտնեցին, որ համայնքի ունեւոր վաքըֆներու ներդրումով կը հակակշռուի յայտարարուած պիւտճէի բացի 70 տոկոսը, իսկ մնացեալ բաժինն ալ կ՚ապահովուի անհատ նուիրատուներէ։ Անոնք շեշտեցին, որ կը ջանան այս լաւատեսութենէն չհեռանալ իրենց հաշուարկներուն մէջ։
Հիւրերը մատնանշեցին նաեւ, որ յայտարարուած պիւտճէի բացը կը վերաբերի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միայն ընթացիկ, տարրական ծախսերուն եւ որեւէ յաւելեալ կրթական-մասնագիտական նախագծի համար նուիրատուութիւն չի պահանջուիր համայնքէն։