«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԵԼՈՅԹԻՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի իր հիմնադրութեան 40-ամեակի շրջանի յոբելենական ելոյթին։ «Մարալ»ի ընտանիքը այս շրջանին կ՚ապրի մեծ եռուզեռ։ 5-25 տարեկան 190 պարողներ համախմբուած են համոյթի կազմին մէջ։ Անցեալ փետրուարէն ի վեր տղաքը անընդհատ կ՚աշխատին՝ 40-ամեակի յոբելենական ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու առաջադրութեամբ։ Այս ընթացքին ամիս մը անոնք մարզուեցան Հայաստանէն՝ Գարիկ Կարապետեանի մականին ներքեւ։ Այս վերջինը, որ հեղինակաւոր պարուսոյց մըն է, իր ամբողջ փորձառութիւնը ի գործ դրած է «Մարալ»ի տղոց կատարելագործումը ապահովելու համար։

Դեկտեմբերի 15-ին տեղի պիտի ունենայ «Մարալ»ի 40-ամեակի երեկոյթը։ Յայտագրին մաս պիտի կազմեն ինն նոր պարեր եւ զուգահեռաբար «Մարալ»ի տղաքը հանդիսատեսներուն պիտի ներկայանան ինն նոր տարազով։ Թէ՛ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնը եւ թէ Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը կը զօրակցին «Մարալ»ի յոբելեանին եւ յառաջիկայ օրերուն 40-ամեակի ձեռնարկը պիտի գովազդուի բազում հարթակներու վրայ։

Էսաեան սանուց միութեան մէջ «Մարալ» երէկ իր հերթական փորձին առթիւ հիւրընկալեց մամլոյ ներկայացուցիչներ։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան այս առթիւ յայտնեց, որ 40-ամեակի ելոյթի յայտագիրը 90 տոկոսով վերանորոգուած պիտի ըլլայ եւ «Մարալ» գեղարուեստասէրներուն պիտի ներկայանայ բոլորովին նոր տարազներով։ Կարպիս Չափքան մաղթեց, որ հանդիսատեսները ամբողջութեամբ լեցնեն սրահը եւ ըմբոշխնեն «Մարալ»ի 40-ամեակի խանդավառութիւնը։

Հարկ է նշել, որ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին զուգահեռ՝ «Մարալ»ին յառաջիկայ ելոյթին ժամանակ պիտի ընկերանայ Հայաստանէն 12 հոգիէ բաղկացեալ նուագախումբ մը՝ Էդգար Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ։

Իր կարգին, կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Տիւլկէրեանն ալ երէկուան փորձին ժամանակ մամուլին տեղեկացուց, որ 2020 թուականի յունիսին «Մարալ» համոյթը պիտի այցելէ Արժանթին։  

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019