ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ ԶՐՈՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ միջնակարգերու տնօրէնները։ Յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Հանդիպման սկիզբին միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութեամբ ողջունեց կրթական մշակներու ներկայութիւնը Պատրիարքարանի յարկէն ներս։ Ան ընդգծեց մեր վարժարաններու առաքելութեան կարեւորութիւնը՝ յատկապէս հայերէնի եւ կրօնի ուսուցման տեսակէտէ։ Ի շարունակութիւն, տնօրէններէն տեղեկութիւններ քաղեց այս երկու առարկաներու ուսուցման եղանակներուն շուրջ։ Կրթական համակարգէ ներս իր ալ ունեցած փորձառութիւններու լոյսին տակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատնանշեց մանաւանդ կրօնագիտութեան վերաբերեալ առարկաներու ուսուցիչներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Անոնց պէտք է ջամբուին այնպիսի գիտութիւններ, որոնց շնորհիւ այս առարկան աւելի մատչելի ու հրապուրիչ պէտք է դառնայ աշակերտներու պարագային։ Նորին Ամենապատուութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց այս հարցին կապակցութեամբ իրեն ներկայացուած խնդրանքներուն՝ մանաւանդ, որ կրօնի առարկան պէտք է դասաւանդուի հաւատաւոր վերաբերմունքով։

Աւելի վերջ մեր տնօրէններն ալ զանազան առաջարկներ ներկայացուցին այս կապակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ աւելի արդիական դասագիրքերու պատրաստութեան անհը-րաժեշտութիւնը, որովհետեւ առկայ պակասին հետեւանքով դասաւանդութիւնը յաճախ կը դադրի հրապուրիչ ըլլալէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ սա տեղին առաջարկ մըն է ու միասնական աշխատանքով հնարաւոր կրնայ ըլլալ համապատասխան ծրագրերու կեանքի կոչուիլը։

Զրոյցի աւարտին կրթական մշակներն ալ երախտագիտութիւն յայտնեցին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ մեր կրթական կեանքին նկատմամբ ցուցաբերուած անմիջական հետաքրքրութեան համար։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ տնօրէնները ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Ան նաեւ իւրաքանչիւրին նուիրեց Պատրիարքական Աթոռի վերջին հրատարակութիւններէն՝ «Աստուածաշունչէն» գիրքը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021