ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՒՍ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ «ՀԱՅ ԿԻՆ» ԾՐԱԳԻՐԸ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած՝ «Հայ կինը. մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» անուանեալ ձեռնարկը, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բոլոր հարթութիւններու վրայ դրուատիքի արժանացած է։ Կեդրոնականցիները մօտաւոր անցեալին արդէն գերազանց յաջողութեամբ ներկայացուցած էին այս ծրագիրը, իսկ վերջերս Մշակոյթի շաբաթը առիթ հանդիսացած է, որպէսզի սա կրկնուի զանազան թաղերու մէջ։ Անցեալ շաբաթ Գատըգիւղի մէջ գործադրուած յայտագիրը երէկ երեկոյեան ալ Պաքըրգիւղի մէջ կրկնուեցաւ։
«Հայ կինը»ի բոլոր ներկայացումներուն նման, այս անգամ ալ սրահին մէջ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Հիւրընկալ Պաքըրգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն առընթեր, երեկոյթին ներկայ էին նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ այլք։
Կեդրոնական վարժարանի սաները ողջունելի յաջողութեամբ հերթական անգամ փոխանցեցին այս նախագծին պատգամը։ Թէ՛ իրենց բեմական վարպետութեամբ եւ թէ իրենց կրած պաստառներով վերակենդանացած կերպարներով՝ անոնք երեկոյթի մասնակիցները առաջնորդեցին ճանապարհորդութեան մը, ուր կը տողանցէին իգական սեռէ այն կերպարները, որոնք այսօր պատմութեան սեփականութիւնը դարձած են եւ ունին հայ իրականութենէն ներս ապագայի տեսակէտէ փարոսներ դառնալու ներուժը։