ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարքը այս տարի եւս մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Մինի-ֆութպոլի մրցումներու աւարտին ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց՝ Եշիլգիւղի վարժարանի խումբը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի խումբին դիմաց։ Լաւագոյն ռմբարկուն ալ եղաւ Թարգմանչաց վարժարանէն Ռոյ Գազանճը։
Մրցանակաբաշխման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Մէրամէթճեան վարժարանի մարմնամարզի ուսուցիչ Գամէր Տիւվենճի, որ համակարգած էր կազմակերպչական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր։ Մանուկ Էօղէր հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Դափնեկիրներուն յանձնուեցան մետայլներ եւ բաժակներ՝ մինչ Գամէր Տիւվենճիին եւ իրաւարարներուն ալ նուիրուեցան ծաղկեփունջեր։