ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Նորոգ հանգուցեալ բանաստեղծ ու կրթական մշակ Զարեհ Խրախունիի (Արթօ Ճիւմպիւշեան) Ազգային յուղարկաւորութեան կարգը երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր կը տիրէր յուզումնախառն մթնոլորտ։ Ծանօթ է, որ այս կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ պատճառեց թէ՛ հայ գրականութեան համակիրներուն եւ թէ ընդհանրապէս համայնքային շրջանակներուն՝ հաշուի առնելով հանգուցեալին երախտաշատ ու բազմամեայ ստեղծագործական վաստակը։ Ի դէպ, հարկ է նշել, որ այդ ցաւը սահմանափակուած չէր միայն մեր համայնքով, որովհետեւ յաւէտ ողբացեալ մշակին թողած վիթխարի ժառանգութիւնը արդէն կը համարուի համայն հայութեան եւ ինչու չէ նաեւ մարդկութեան սեփականութիւնը։
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ զանգերուն տխուր ղօղանջը երէկ յուղարկաւորները կոչեց համախմբուելու Խրախունիի բարոյական ներկայութեան շուրջ՝ մատուցելու համար իրենց վերջին յարգանքն ու խոնարհումը բերելու անոր պատկառելի վաստակին առջեւ։ Պատրիարքական Աթոռի վերին ու տեղին տնօրինութեամբ՝ Խրախունին արժանացաւ Ազգային յուղարկաւորութեան կարգով իր յաւիտենական հանգստարանը ուղեւորուելու պատուին։ Փառաշուք արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ հայրաբար վշտակից եղաւ հանգուցեալի այրիին եւ հարազատներուն։ Լուսաշող տաճարի կեդրոնին՝ մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ, կերոնակիրներուն (Վարդան Պալմումճեան, Սուրէն Դանիէլեան, Նազարէթ Պալ, Իգնա Սարըասլան, Ռոպէր Հատտէճեան եւ Փասքալ Թէօրէնլի) առընթեր, համախմբուած սգաւորները տխուր պահեր ապրեցան Խրախունին յաւիտենական նենջին ուղեւորելու իսկապէս ծանր հանգրուանին։
Արարողութեան նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։ Նորին Սրբազնութիւնը խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ յաջողեցաւ իր դիպուկ արտայայտութիւններով թարգման հանդիսանալ բոլորի զգացումներուն։ Ան ուրոյն ոճով մը ներկայացուց Խրախունիի ապրած կեանքին ամբողջական պատկերը՝ արժեւորելով զայն թէ՛ որպէս բանաստեղծ ու մտաւորական եւ թէ որպէս մարդ։ Նորին Սրբազնութիւնը Խրախունիի կեանքի դրուագներուն վրայ ակնարկը սեւեռեց՝ բանաստեղծական արուեստի բնոյթով ու փիլիսոփայութեամբ պայմանաւորուած խորքային հանգամանքներու հետ համեմատութեան մէջ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շեշտեց նաեւ Խրախունիի մարմնաւորած կերպարի հայկական ծալքը եւ յորդորեց վառ պահել անոր յիշատակը, մասնաւորապէս յաչս նոր սերունդին։
Ազգային յուղարկաւորութեան կարգին մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռի գրեթէ բոլոր վեղարաւոր հայրերն ու մեր քահանայից դասուն անդամները։ Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, ուղեկցութեամբ Հ. Աբրահամ Վրդ. Ֆրատեանի, նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Արձակման փուլին Գերապայծառն ալ աղօթք մը արտասանեց ողբացեալի հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Յուղարկաւորներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պեշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Երեւանէն՝ «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն, գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեան, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, մեր վարժարաններու տնօրէններ, կրթական մշակներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ եւ հանգուցեալի գրականութեան համակիրներ։
Յուղարկաւորութեան աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ դագաղին գլուխը դարձեալ կատարուեցան դամբանախօսութիւններ՝ հերթական անգամ արձանագրելով կորուստին լրջութիւնը։
Հուսկ, «Վահան Ճիվանեան» կազմակերպիչ հաստատութեան կողմէ կատարուած անթերի կարգադրութիւններուն զուգահեռ՝ Խրախունիի անշունչ մարմինը ամենայն պատշաճութեամբ հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։
Այս տխուր առթիւ կրկին կ՚արտայայտենք մեր յարգանքը Խրախունիի վաստակին նկատմամբ, հայցելով հանգստութիւն իր հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր այրիին՝ Մառլէն Ճիւմպիւշեանին եւ բոլոր հարազատներուն։