ՍԱՄԱԹԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ՏՕՆԸ

Շաբաթավերջը տօնական նշանակութիւն ունէր Սամաթիոյ ընտանիքին տեսակէտէ։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 60-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ կազմակերպուած յոբելենական համերգը երէկ երեկոյեան վերածուեցաւ սամաթիացիներու մեծ տօնախմբութեան։ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը խմբավար Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ համերգով մը հանդէս եկաւ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կէնճէր» օփերայի եւ գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Երեկոյթի հովանաւորն էր յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ։

Յոբելենական երեկոյթին ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան հոգեւորականներ, տեղական ինքնակատարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, Սամաթիոյ ընտանիքէն դէմքեր եւ հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ։ Համերգի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան դպրապետ Խաչիկ Սարըլը եւ դպրաց դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ապա բեմ առաւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը, որ յաջողութեամբ գործադրեց երկու բաժինէ բաղկացեալ յայտագիրը։ Պարերով մասնակցեցան Դալար Քէօսէօղլու եւ Արի Օհանօղլու։ Երգչախումբին ընկերացաւ «Մոտէրն Իսթանպուլ» նուագախումբը։ Երեկոյթի աւարտին հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ հանդէս եկած Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը։ Մասնաւոր յարգանքի առարկայ դարձան նաեւ մենակատարները։

Ի յիշատակ այս երեկոյթին Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ յուշանուէր մը պատրաստուած էր ձեռնարկի հովանաւոր Տիգրան Կիւլմէզկիլին համար։ Այդ յուշանուէրը յանձնուեցաւ ձեռամբ՝ Սամաթիոյ պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէի։ Համերգի կազմակերպման իրենց աջակցութիւնը բերած այլ զանազան դէմքերու համար ալ պատրաստուած էին յուշանուէրներ, որոնք յանձնուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։

Սամաթիոյ ընտանիքը այսպէսով փայլուն համերգով մը արժեւորած եղաւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի կրկնակ յոբելեանները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017