ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ ԱՆՑՈՒՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաաթավերջը անցուց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Նորին սրբազնութեան դարմանումը շարունակուեցաւ՝ որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել սաստիկ պաղառութեան հետեւանքները։ Տեղապահ սրբազան հայրը այս պայմաններուն ներքեւ ակամայ բացակայեցաւ այն արարողութիւններէն, որոնց պէտք է հանդիսապետէր։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ կեցութեան ընթացքին տեղապահ սրբազան հայրը վայելեց մասնագիտական անձնակազմի եւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան ջերմ ասպնջականութիւնը։

Բաց աստի՝ հիւանդանոցի մէջ դարմանման օրերուն, տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի այցելութեան փութաց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս վերջինը հետաքրքրուեցաւ հոգեւոր եղբօր առողջական վիճակով, ըրաւ գօտեպնդիչ բարեմաղթութիւններ եւ աղօթեց անոր շուտափոյթ ապաքինման համար։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան հիւանդանոցէն դուրս եկաւ կէսօրուան ժամերուն եւ առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան։

Այս պայմաններուն ներքեւ տեղապահ սրբազան հօր այս օրերուն դէպի Հայաստան նախատեսուած այցելութիւնն ալ խիստ հաւանաբար յետաձգուի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017