ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Տէր Յիսուս Քրիստոսի կեանքի կարեւորագոյն երկու դէպքերը միասնաբար կը տօնենք որպէս Աստուածայայտնութեան տօն. Տէր Յիսուսի սրբալոյս ծնունդը ի Բեթղեհէմ եւ իր Աստուածընկալ Մկրտութիւնը ի Յորդանան գետ: Երկուքն ալ զարմանք առաջացնելու չափ խոնարհ պայմաններու ներքեւ իրականացած են: Ծնած ու մկրտուած անձի մեծութեան հետ չհամապատասխանող այս խոնարհութիւնն ու համեստութիւնը կը յայտնէ Աստուծոյ նկարագիրը, թէ Աստուած կը սիրէ խոնարհութիւնը եւ խոնարհները: «Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. Կոտրած ու խոնարհ սիրտը ո՛վ Աստուած, դուն չես արհամարհեր»։ (Սաղմոս 51:17)
Այն մեծագոյն դասը որ Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն եւ մեզի սորվեցնել կ՚ուզէ այն է, որ սիրոյ եւ ծառայութեան համար կատարուած խոնարհութիւնը բանալին է Աստուծոյ Արքայութեան մէջ մեծարուելու եւ գնահատութեան: «Եթէ մէկը կ՚ուզէ առաջին ըլլալ՝ ամենքին մէջ վերջինը եւ ամենքին սպասաւորը թող ըլլայ»։ (Մարկոս 9:35)
Այնքան կարեւոր էր այս դասը, որ վերջին ընթրիքին ընթացքին սեղանէն ելաւ եւ լուաց ոտքերը իր աշակերտներուն, որոնք կը վիճէին, թէ ո՞վ էր մեծը իրենց մէջ: Ուրիշ անգամ մըն ալ մանուկ մը ցոյց տալով ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ չդառնաք ու չըլլաք մանուկներուն պէս՝ երկնքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Արդ, ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, ինչպէս այս մանուկը, ա՛ն է մեծը երկնքի արքայութեան մէջ»։ (Մատթ.18:3-4)
Թէեւ Յիսուս պատմութեան մեծագոյն անձնաւորութիւնն է եւ Աստուծոյ մարմնացումը՝ ծնաւ եւ ապրեցաւ շատ համեստ պայմաններու ներքեւ։ Այն Աստուածը որ կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոսի մէջ, մեզի լաւագոյն օրինակը կու տայ խոնարհութեան եւ կը փաստէ, որ ճշմարիտ մեծութիւնը կախեալ չէ թէ անձը որքան ունեւոր է, այլ որքան կարող է ան հրաժարելու իր ունեցուածքէն ի շահ եւ ի փրկութիւն ուրիշներուն։ Հրեշտակ մը Յովսէփին երազին մէջ եկաւ եւ բացատրեց Մարիամի յղութեան պատճառը եւ այն թէ՝ ծնելիք մանուկը ինչպիսի՛ Փրկիչ մը ըլլալու էր. «Պիտի ծնի որդի մը, եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, որովհետեւ ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը՝ իրենց մեղքերէն»։ (Մատթ. 1:21)
Մեղքին միւս անունը հպարտութիւնն է, որով բոլորս վարակուած ենք մեղքի տիրոջ Սատանայէն եւ ինկած՝ անոր պէսպիսի թելադրանքներուն անսալով: Ուրեմն Փրկիչը հարկաւ թէ մեղքին - որ է հպարտութիւն - հակաթոյնը պիտի հայթայթէր իր մարմնացեալ կեանքին մէջ՝ նոյնիսկ դատարկելով իր անձը Աստուածային շատ մը հանգամանքներէն, առնելով խոնարհ ծառայի կերպարանք: Ասոր մասին Մեծն Պօղոսը կը գրէ խորհրդաւոր տողերով, որ լման կը բացատրէ պատճառը մեր Տիրոջ զարմանահրաշ խոնարհութեան.
«Ան թէեւ Աստուծոյ կերպարանքով էր, բայց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը յափշտակութիւն չհամարեց, այլ իր անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով, մարդոց նման ըլլալով եւ կերպարանքով իբրեւ մարդ ճանչցուելով, խոնարհեցուց ինքզինք, հնազանդ ըլլալով մինչեւ մահ եւ նոյնիսկ խաչի՛ վրայ մահուան: Ասոր համար ալ Աստուած աւելի բարձրացուց զայն եւ անոր շնորհեց անուն մը՝ որ վեր է ամէն անունէ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի անունով խոնարհի ամէն ծունկ՝ ըլլայ երկնաւորներու, երկրաւորներու թէ սանդարամետականներու. եւ ամէն լեզու խոստովանի թէ Տէ՛ր է Յիսուս Քրիստոս՝ ի փառս Հայր Աստուծոյ»։ (Փիլիպ.2:5-11)
Այսպէս միշտ հեզ ու խոնարհ՝ Բեթղեհէմի համեստ մանուկը երեսուն տարի յետոյ յայտնուեցաւ Յորդանան գետին մէջ, մկրտուելով Յովհաննէս Մկրտիչէն կարծես թէ «մեղաւոր» մարդ մը լինէր, նոյնիսկ զարմանքի մատնելով Մեծն Յովհաննէսը։
Այս խոնարհութեան արեւը պէտք է հալեցնէ նաեւ հպարտութեամբ սառոյց կապած մեր լեռները, այսինքն մեր անյագուրդ սիրտերը։ Թերեւս այսպիսի խոնարհութիւն մը սորվելէն յետոյ մենք ալ կը լսենք երկնաւոր Հօր քաջալերական ձայնը մեր խիղճերուն մէջ արձագանգաբար. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Մարկ.1։11)։ Մարդկային սիրտը կը յագենայ միայն Աստուածային այսպիսի գնահատանքով եւ կը հրաժարի այլեւս ուրիշ ծափահարանքներ որոնելէ։
Մեր հոգիի աչքերով, եկէ՜ք, անգամ մը եւս երթանք Յորդանան գետի ափերը եւ Քրիստոսի հետ մետնենք անոր մէջ, վերյիշելով մեր մկրտութիւնը, զգանք որ միշտ պէտք ունինք լուացուելու մեր մեղքերէն եւ գետը չէ՝ այլ Քրիստոսի արիւնն է մեզ ընդմիշտ մաքրագործող զօրութիւնը։ Ի՜նչ տեղին է աղաղակը Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին.
«Որդի՛ Աստուծոյ, Աստուած ճշմարիտ, որ հայրական ծոցէն խոնարհեցար, եւ մեր փրկութեանհամար մարմին առիր Սուրբ Կոյս Մարիամէն։ Խաչուեցար, թաղուեցար եւ յարութին առիր մեռելներէն, եւ փառքով բարձրացար Հայր Աստուծոյ մօտ. երկնքին ու քու առջեւդ մեղք գործեցի. յիշէ նաեւ զիս որպէս աւազակը`երբ գաս քու արքայութեամբդ. եւ ողորմէ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»։
Համայն մարդկութիւնը Ադամէն սկսեալ մեծաւորութեան մոլուցքէն վարակուած է։ Իւրաքանչիւր անձ որ կը զգայ իր տկարութիւնը մանկութենէ սկսեալ, կ՚այրի մեծ մարդ լինելու, գովաբանուելու, փառաբանուելու եւ առաջնորդ հանդիսնալու մարմաջով։ Մարդկանց միջեւ տեղի ունեցած ընդհարումներու պատճառներէն ամենէն կարեւորը այս է անկասկած։ Ամէն մարդ եւ ազգ, իր կարգ մը տաղանդներու շնորհիւ ինքզինք ուրիշներէն աւելի լաւին արժանի կը տեսնէ. քանի որ ինքը աւելի խելացի, ընդունակ, հզօր, գեղեցիկ եւ կամ կրթուած է, ուրեմն իրաւունք ունի աւելին պահանջելու։ Աւելի իշխանութիւն, հարստութիւն, համբաւ, դիրք եւ ապահովութիւն։ Իսկ Յիսուսի մէջ յայտնուող Աստուած կը խորտակէ մեր բոլոր մեծութեան հեքիաթները եւ յաջողութեան առասպելները։ Աստուածորդիի խոնարհութիւնը դէմ յանդիման կը թողու մեզ ուրիշ մէկ տեսակ մեծութեան եւ առաջնութեան հասկացողութեան հետ։
Խոնարհութեան փորձը կրնանք կատարել գտնելով եւ օգնելով մեզմէ նուազ բախտաւոր մեր եղբայր եւ քոյրերուն, այնպէս ինչպէս հովիւները Մանուկ Յիսուսը, Մարիամն ու Յովսէփը գտան եւ օգնեցին անոնց իրենց տուները հրաւիրելով եւ մոգերը իրենց գանձերը փռեցին անոնց առջեւ եւ անոնց աղքատութեան բեռը մասամբ թեթեւցուցին: Ուրեմն Ծնունդի սուրբ տօնը լաւագոյնս կրնանք տօնել խոնարհելով դէպի խոնարհները: Մեղանչած կ՚ըլլանք մեր խղճին դէմ, եթէ չյիշենք այս տօնին՝ աղքատը, մենալքուածը, պանդուխտն ու գաղթականը, անպաշտպան ծերը, հիւանդը, անտունը եւ սովածը։ Այս պահուն երդիքներ կան, որոնց տակը սուգ կը տիրէ սիրելիի մը կորուստին համար ու «Ռաքել չ՚ուզեր մխիթարուիլ, քանզի անոնք այլեւս չկան»:
Ծնաւ մեզի այսօր Փրկիչ մը, որ մեղապարտ մարդկութեան ցոյց կու տայ փրկութեան ճամբան, որ է Աստուծոյ մեզի տուած շնորհքները բաժնել ուրիշներուն հետ ազատօրէն, որպէսզի տիրէ աշխարհի վրայ սէրն ու եղբայրութիւնը, որոնց պիտի հետեւին բնականաբար արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը՝ դրախտավայրի վերածելու մեր ռազմադաշտի վերածուած մրցակցամոլ երկիրը: Խաւարին մէջ այսպէս ահա կը փայլի փրկչական աստղը ծնեալ Արքային:
Տարիներու տխուր տողանցքին առջեւ մենք ջերմօրէն մխիթարութիւն կը զգանք երկու հազար տարուան աւետիսը վերստին հնչեցնելով.
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
*
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօնին առիթով կ՚ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք նաեւ մեր հոգեւորական դասու անդամները, սրբազան եպիսկոպոսներն ու միաբան հայրերը, քահանայից, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, Գալֆայեան ուխտի քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի տնտեսական խորհուրդի, ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի եւ իրեն ենթայանձնախումբերու, տիկնանց եւ Հայ մենթի-մենթոր յանձնախումբերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, բժշկապետութիւնը, բժշկաց դասն ու բոյժքոյրերը, համայնքային հաստատութեանց խնամակալութիւնները, թաղային խորհուրդները, տիկնանց յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու տնօրէնները, հոգաբարձութիւնները, ուսուցչաց դասը, աղքատախնամ մարմինները, սանուց միութիւնները, մարմնամարզական եւ հայրենակցական միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ մամլոյ խմբագիրները եւ ողջ անձնակազմը, Պատրիարքական Աթոռոյս ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ՚ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք գաւառի հայոց տեսուչը եւ գաւառի մէջ բնակող մերազն ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Կրետէի հայ համայնքի անդամները։
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան վարժարաններու սանուց միութեանց վարչութիւններուն, Պոլսահայ միութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ:
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ