ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Վաքըֆլըգիւղի Հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Քաղաքիս պուլկարական Էքզարքութեան դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որուն մասնակցեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսարանէն Հ. Վարդան Ծ. Վարդապետ Գազանճեան, Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան։
Միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Քիւչիւքմսըրլեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հաւաքոյթի ընթացքին։ Նախատեսուած էր նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Բոլոր ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան՝ սիրուած մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի գործադրած երաժշտական յայտագրով։ Անոր ընկերացաւ նաեւ Արի Հերկել։ Խրախճանքի բոլոր մասնակիցները մինչեւ ուշ ժամեր զուարճացան եւ զիրար շնորհաւորեցին մօտալուտ Բարեկենդանին համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024