ՍԻՐԱԼԻՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ երիցագոյն մետրապոլիտներէն Քոնստանդին Հարիսիատիսը։ Ան ներկայիս ի պաշտօնէ Նիկիոյ մետրապոլիտն է։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Նորին Սրբազնութնիւնը  փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեամբ փութալ Պատրիարքարան եւ անձամբ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։ Քոնստանդին Ս. Մետրապոլիտը հաճելի զրոյցի ընթացքին յատկապէս յիշատակեց Պատրիարք Սրբազան Հօր միջեկեղեցական գետնի վրայ վայելած համակրանքը եւ յայտնեց, թէ իր ընտրութիւնը ուրախութեան պատճառ եղաւ նաեւ քոյր եղեցիներէն ներս։ Պատրիարք Հայրը Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի եւս ընկերակցութեամբ՝ երկար տարիներ Պոլսոյ Աթոռը ներկայացուցած էր միջեկեղեցական շրջանակներէն ներս։ Յիշեց նաեւ, թէ Պատրիարք Հօր հետ անցեալին համաատենապետ եղած էր Թուրքիոյ եկեղեցիներու հասարակաց յանձնախումբին եւ Պատրիարք Հայրը յանուն յանձնախումբի գրի առած էր՝ Temel İlkeleriyle Hristiyanlık (Հիմնական սկզբունքներ քրիստոնէական կրօնի) գիրքը։ Ինք որպէս երէց հոգեւորական, բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Նորին Ամենապատութեան եւ մաղթեց, որ Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն ու իր ժողովուրդը ունենայ ծաղկեալ օրեր։

Պատրիարք Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Քոնստանդին Ս. Մետրապոլիտին։ Իր այցելութիւնը յատկանշական իմաստ ունէր, քանի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորականներէն մին կ՚այցելէր Գումգաբու եւ խնդակցութիւնը կը յայտնէր իր երբեմնի գործակցին։ Պատրիարք Հայրը եւս յիշատակեց Ս. Մետրապոլիտի առաջնորդութեամբ անցեալին թափ ստացած միջեկեղեցական յանձնախումբին գործունէութիւնը։ Որպէս երէց իր ներկայութիւնը միշտ խրախուսիչ եղած էր բոլոր ներկաներուն. բան մը, որ զինք եւս ներշնչած էր անցեալին։ Պատրիարք Հայրը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար եւ արեւշատ օրեր մաղթեց Ս. Մետրապոլիտին։

Այցելութեան աւարտին Քոնստանդին Մետրապոլիտ Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց հսկայ պանակէ մը, առ ի յիշատակ գահակալութեան Պոլսոյ Աթոռոյ։ Պատրիարք Հայրը սոյն յուշանուէրի համար եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան։ Յետ եղբայրական ողջագուրման՝ մետրապոլիտը բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020