ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը երէկ հերթական անգամ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան առարկայ դարձաւ։ Յատուկ առաքելութեամբ այս դպրոցին տարեկան հանգանակութիւնը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։ Նուիրահաւաքը առիթ դարձաւ, որպէսզի համայնքի օրակարգին վրայ թարմանայ այս դպրոցին առաքելութեան նշանակութիւնն ու յարատեւութեան կարեւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, անգամ մը եւս համատարած գնահատանքի արժանացաւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կամաւորներու հոգաբարձութիւնը կը գլխաւորէ եւ տարիներէ ի վեր դպրոցին կայունութիւնը կեանքի նպատակի վերածած է։
Երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանէն Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, որու հովուած Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կը գործէ դպրոցը։ Ս. Պատարագի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Պատարագի ընթացքին հանդիսապետեց նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօնին, որու ընթացքին աղօթքով վերյիշուեցան դպրոցի բարերարները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց նաեւ աշխարհիկ հանդիսութեան, որու ընթացքին բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ դպրոցի սաներու յաջող ելոյթներով։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ գլխաւորուած ուսուցչական կազմը այս օրուան համար բծախնդրօրէն վերահսկած էր յայտագրի պատրաստութիւնը։ Մինչ բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան, Դալար Հորոզօղլու հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցի գործունէութեան եւ կարիքներուն շուրջ։
Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նորանշանակ խորհրդական Անահիտ Չալիքեան։