ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էին Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Արարողութեան ընթացքին հանդիսադիր հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Սա 2020 թուականի Արեւագալի երկրորդ արարողութիւնն էր Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ ջրօրհնէք։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։ Պահքի սիրոյ սեղաններու շուրջ համախմբուած ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ եւ մեծպահոց շրջանի խորհուրդը բաժնեցին իրարու հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020