ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՆԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներու ձեռնարկած է։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները մեծ ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած են՝ եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգութեան առաջադրութեամբ։

Ինչպէս ծանօթ է, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին Վոսփորի արեւմտեան ափի մեր ամենայատկանշական սրբավայրերէն մին է։ Պատմական այս թաղամասը թէեւ հայ բնակչութենէ նօսրացած է, սակայն անոր եկեղեցին միշտ սրտամօտիկ է մեր հաւատացեալներուն։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի եւ իր գործակից ընկերներու ջանքերուն շնորհիւ, երկար ժամանակէ ի վեր առաւել մեծ եռանդով յառաջ կը տարուին՝ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղուած ջանքերը։

Գուզկունճուքի եկեղեցին մէկ կողմէ թէեւ չունի մեծ ծախսեր կամ կարիքներ, իսկ միւս կողմէ չունի նաեւ մշտական հասոյթի մեծ միջոցներ։ Բայց եւ այնպէս, թաղային խորհուրդը միայն ինքնաբաւ եկեղեցի մը ըլլալու սահմանափակ նպատակներով չ՚առաջնորդուիր։ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները համոզուած են, թէ եկեղեցապատկան կալուածներէն առաւելագոյն արդիւնքը պէտք է ապահովել՝ մեր համայնքի բարենպատակ միւս հաստատութիւններուն՝ մասնաւորապէս կրթօճախներու գործունէութեան զօրակցելու նպատակով։ Այս նոյն մղումով է, որ ընթացք առած են կալուածներու վերանորոգութեան աշխատանքները։ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը հեռահար նպատակ որդեգրած է, որպէսզի բարւոքէ եկեղեցապատկան կալուածներուն կացութիւնը, ինչ որ համայնքի ընդհանուրին աջակցելու տեսակէտէ նոր հորիզոններ պիտի ուրուագծէ։

Գուզկունճուքի մէջ թաղային խորհուրդը կը տնօրինէ քանի մը շէնք։ Անոնցմէ երկուքը միջոցէ մը ի վեր վերանորոգման ու բարեկարգման աշխատանքներու կ՚ենթարկուին։ Սա ողջունելի է մէկ կողմէ մեր նախնիներէն հասածը արգասաւորելու տեսակէտէ, իսկ միւս կողմէ, հաւաքական պատասխանատուութեան մը դրսեւորումն է։ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը վերջին տարիներուն արդէն իր գոյացուցած յաւելեալ միջոցներով կ՚աջակցի Սկիւտարի մեր դպրոցներուն, իսկ ներկայիս այդ իմաստով իր հնարաւորութիւնները ընդլայնելու վրայ է։ Ատենապետ Այվազեան մեզի յայտնեց, որ երբ այս երկու շէնքերու վերանորոգութեան ծրագրերը ի կատար ածուին եւ անոնք հրապարակի պայմաններով տրուին վարձակալութեան, ապա իրենք կարելիութիւն պիտի ունենան համայնքէն ներս իրենց զօրակցական դերակատարութիւնը աւելի լուրջ համեմատութիւններու հասցնելու։ Պարզ է, որ ներկայիս համաճարակով եւ այլ գործօններով պայմանաւորուած՝ տնտեսական վիճակը բարդ է եւ կալուածներու հասոյթներն ալ ակնկալուած մակարդակէն հեռու կը մնան, յամենայնդէպս, սա Գուզկունճուքի եւ ընդհանրապէս համայնքին տեսակէտէ մշտական միջոցներ կ՚ենթադրէ միանշանակ։

Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան մեզի տեղեկացուց, որ եկեղեցապատկան, վերանորոգութեան առնուած երկու շէնքերու պարագային աշխատանքները թեւակոխած են կարեւոր փուլ մը։ Այժմ, այդ շէնքերու գետնայարկերն ու մուտքի յարկերը կը բարեկարգուին՝ ցարդ կատարուած ընդհանուր ամրացումներէն վերջ։ Այդ բաժիններն են, որոնք նախագծի աւարտին վարձակալութեան պիտի տրուին՝ որպէս գործատեղի։

Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը այս գործի մասնագիտական վերահսկողութիւնը վստահած է մեր համայնքի ճարտարագէտներէն Գէորգ Էօզգարակէօզի։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան մեզի յայտնեց, որ Էօզգարակէօզ ամենայն բծախնդրութեամբ կը վերաբերի աշխատանքներուն, որոնք յառաջ կը տարուին զուտ թաղային խորհուրդի միջոցներու տրամադրումով գոյացած ներդրումներով։

Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք։

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021